Մայիս 31-ին, ԱԺ-ի մէջ լրագրողները Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանին հարցուցած են թէ՝ համաձա՞յն է արդեօք, որ Արցախը երբեք պիտի չըլլայ Ազերպայճանի կազմին մէջ, Սիմոնեան պատասխանած է.
“Ես նման յայտարարութիւններ անելու իրաւունք չունեմ, որովհետեւ բանակցային գործընթաց է հիմա։ Բանակցային գործընթացի ժամանակ նման յայտարարութիւն անել, նշանակում է ինչ-որ փաստի առաջ կանգնեցնել թէ՛ բանակցողը, թէ՛ ընդհանուր գործընթացը։ ԱԺ-ի նախագահի մակարդակով նման յայտարարութիւն անելն անընդունելի է”։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։