Ապրիլ 5-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ նախկին Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի հետ Պաքուի մէջ կայացած տեսակցութեան, անդրադառնալով Պրիւսէլի հանդիպումին յայտարարած է. “Հակառակ անոր որ ԱՄՆ-ու եւ Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարները իրենց նախաձեռնութեամբ վերջին օրերուն հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին կը փորձէին համոզել, թէ այդ հանդիպումը մեր դէմ ուղղուած չէ, բայց մենք գիտենք, որ ան Ազերպայճանի դէմ է, Հարաւային Կովկասի մէջ համագործակցութեան դէմ ուղղուած է։ Այդ հանդիպումը բաժանարար գիծեր ստեղծելու եւ Ազերպայճանը մեկուսացնելու նպատակ կը հետապնդէ”։
Ընդգծելով, որ աշխարհաքաղաքական իրավիճակը փոխուած է, Ալիեւ կարեւոր համարած է, որ այդ պայմաններու մէջ թուրք-ազերպայճանական միասնութիւնը այսօր ալ ինչպէս միշտ ամուր ըլլայ։ Ան համոզում յայտնած է, թէ պիտի ձախողին մտադրութիւնները անոնց, որոնք կ՚ուզեն խախտել այդ միասնութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։