Ազերպայճանի Անվհանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ոսուպով յայտարարած է, թէ՝ «նախագահ Իլհամ Ալիե՛ւն է, որ կ՚որոշէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններու բովանդակութիւնն ու խաղաղութեան օրակարգը։ Աւելի՛ն, անոր պահանջով բանակցային բառապաշարէն ջնջուած են «Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւն» եւ «կարգավիճակ» եզրերը:
Յիշեցնելով, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարները դէմ առ դէմ եւ առցանց 7 հանդիպում ունեցած են Ռուսաստանի, Եւրոպական խորհուրդի և Ֆրանսայի նախագահներու միջնորդութեամբ, Ուսուպով ազերպայճանական պաշտօնական մամուլին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ այժմ առաջնահերթ նպատակը խաղաղութեան պայմանագրի եւ սահմանազատման հարցերու շուրջ բանակցութիւններ սկսիլն է:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։