Search
Close this search box.

Ալիեւի օգնականը կը պահանջէ դադրեցնել Հայաստանի մէջ ԵՄ-ի առաքելութեան գործունէութիւնը

Սեպտեմբեր 1-ին, Ազերպայճանի նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ իր երկրի լրագրողներուն յայտնած է, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ սահմանի զատման կանոնակարգը համաձայնութեան արժանացած է, որ հիմք կը հանդիսանայ այդ ուղղութեամբ աշխատանքը շարունակելու երկկողմանի եւ փոխադարձ ըմբռնողութեամբ։

“Նկատի ունենալով, որ երկու երկիրներու միջեւ աշխատանքը կ՚ընթանայ խաղաղութեան պայմաններու տակ, կը կարծենք, թէ այլեւս անհրաժեշտ չէ, որ Եւրոպական Միութեան սահմանային առաքելութիւնը գործէ հայկական կողմէն Ազերպայճանի սահմանին մօտ։ Հասած է այս առաքելութեան գործունէութիւնը դադրեցնելու պահը”,– ըսած է Ալիեւի օգնականը: