Search
Close this search box.

Ալիեւ․ «Հայաստանի միակ ելքը Ազերպայճանի բոլոր պայմանները ընդունիլն է»

Փետրուար 26-ին, Խոճալու կատարած այցելութեան ընթացքին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Հայաստանի միակ ելքը Ազերպայճանի բոլոր պայմանները ընդունիլն է»,– պնդելով, որ «Հայաստան նոր տէրերու փնտռտուքի մէջ է»։

“Հայաստան, որ կը փորձէ նոր տէր գտնել եւ ասոր-անոր գիրկը կը նետուի, պէտք է իմանայ, որ պէտք է ընդունի Ազերպայճանի բոլոր պայմանները եւ հրաժարի մեր երկրի նկատմամբ տարածքային պահանջներէն։

(…) Խոճալուն շատ մեծ տեղ կը գրաւէ ազերպայճանցի ժողովուրդի գիտակցութեան եւ պատմութեան մէջ։ Այդ ողբերգութիւնը այն աստիճան խոցած էր մեր սիրտերը, որ մենք առանց Խոճալուի ազատագրութեան չէինք կրնար հանգիստ ընել”,– ըսած է ան՝ աւելցնելով. “Մենք ռազմի դաշտին վրայ վրէժ լուծեցինք Խոճալուի անմեղ զոհերուն համար”։

“Ազերպայճանի բանակը թէ՛ արհեստավարժ է, թէ՛ հայրենասէր, թէ՛ օժտուած լուրջ կարողութիւններով։ Մեր ռազմական ուժերը անկարելի թուացող գործողութիւնները կ՚իրականացնեն շատ կարճ ժամանակի մէջ։ Անոնցմէ մէկը, եթէ ոչ ամէնէն կարեւորը Շուշիի գործողութիւնն էր”,– նշած է Ալիեւ։