Սեպտեմբեր 23-ին, ելոյթ ունենալով Ազերպայճանի նորընտիր խորհրդարանի առաջին նիստին՝ նախագահ Ալիեւ յայտարարած է, թէ իր երկրի թիւ մէկ առաջնահերթութիւնը ռազմական առաւել հզօրացումն է։
“Աշխարհի մէջ տեղի ունեցող հոլովոյթները, նոր հակամարտութեան օճախներու ի յայտ գալը, պատերազմներն ու մեր շուրջ լարումի աճը, Հայաստանի մէջ վրէժխնդրական միտումները կը ստիպեն մեզ անընդհատ ուշադրութիւն դարձնելու ռազմական հզօրութեան բնագաւառին վրայ”,– ըսած է ան, պնդելով թէ հակառակ պարագային կրնան խնդիրներ յառաջանալ։
“Ազերպայճան կ՚ամրանայ «պայմանական սահմանին», քանի որ Հայաստանէն որեւէ պահու կարելի է ակնկալել որեւէ գրգռութիւն”,– շեշտած է Պաքուի բռնապետը։
“Հայկական կողմը զանգուածաբար կը զինուի, միաժամանակ ռազմափորձեր կ՚ընէ արտասահմանեան երկիրներու, ներառեալ՝ գերպետութիւններու հետ։ Արեւմտեան երկիրները զէնք-զինամթերք կը մատակարարեն Հայաստանին։ Այսինքն՝ ակնյայտ են որոշ արեւմտեան պետությիւններու՝ Հայաստանը մեր դէմ տրամադրելու ծրագրերը”,– յայտնած է Ալիեւ եւ աւելցուցած, թէ “Ազերպայճանի հետ կարելի չէ խօսիլ սպառնալիքի եւ վերջնագրի լեզուով։ Մենք պատրաստ ենք եւ կրնանք պատասխան տալ”:
Ան դժռգոհած է նաեւ Երևանի հետ խաղաղ բանակցութիւններու դանդաղ ընթացքէն, ըսելով թէ Հայաստան պայմանագրի նախագիծի իր տարբերակէն «բացառած է» Ազերպայճանի հետ համաձայնութեան չարժանացած դրոյթները։ “Խաղաղութեան պայմանագրի տարբերակի առաջին փոխանակումէն քանի մը ամիս ետք մենք կ՚ակնկալէինք, որ Հայաստան իր մեկնաբանութիւնները մեզի կը ներկայացնէ աւելի արագ եւ գործնական կերպով, բայց հակառակը տեսանք”,– նշած է ան։
Ազերպայճանի նախագահը խաղաղութեան համաձայնութիւն ստորագրելու Երեւանի վերջին առաջարկը անուանած է «պարզունակ» եւ «ոչ-համարժէք»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։