Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յունիս 16-ին, Պաքուի 9-րդ համաշխարհային ֆորումին (IX Global Baku Forum),– որու նիւթն էր «Համաշխարհայնացած աշխարհի կարգուկանոնին սպառնացող վտանգներ»,– ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է, որ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի (ընդգծումը՝ «ՆՅ») շուտափոյթ բացումը տարածաշրջանին մէջ «խաղաղութեան» (ընդգծումը՝ «ՆՅ») ապագայի հիմնական տարրերէն մէկն է։ Լուրը կը հաղորդէ minval.az։
“Եթէ մեզի հասանելիութիւն չտրուի, ապա դժուար պիտի ըլլայ խօսիլ խաղաղութեան մասին, եւ Ազերպայճանի՝ Հայաստանի հետ բնականոն համակեցութիւն եւ բարիդրացիական յարաբերութիւններ հաստատելու բոլոր ջանքերը յօդս կը ցնդին”,– ըսած է Պաքուի ղեկավարը եւ աւելցուցած.-
“…Անցեալ հարիւրամեակի պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ 1920 Նոյեմբերին, Ազերպայճանի խորհրդայնացումէն վեց ամիս ետք, խորհրդային իշխանութիւնը իւրացուցած է մեր երկրին պատմական մասը՝ Զանգեզուրը, եւ զայն միացուցած Հայաստանին։ Հետեւաբար, եթէ Հայաստան Ղարաբաղի Հայերուն համար կարգավիճակ պահանջէ, ինչո՞ւ պէտք է Ազերպայճանցիները Արեւմտեան Զանգեզուրի մէջ Ազերպայճանցիներու համար կարգավիճակ չպահանջեն։ Ի վերջոյ, ամբողջ այդ տարածքին մէջ Ազերպայճանցիներ բնակած են”։
Ալիեւ շեշտած է, թէ Ազերպայճան իրաւունք ունի պահանջելու «Զանգեզուրի միջանցք»-ին (ընդգծումը՝ «ՆՅ») բացումը, քանի որ Հայաստան ստորագրած է համապատասխան յայտարարութիւնը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։