Փետրուար 14-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երդման արարողութեան յաջորդած ելոյթին դարձեալ սպառնացած է Հայաստանին։
«Եթէ Հայաստան իր օրէնսդրութիւնը բնականոն չդարձնէ, եթէ մեր նկատմամբ տարածքային պահանջներուն վերջ չդնէ, խաղաղութեան պայմանագիր պիտի չստորագրուի»,– ըսած է ան։
Նշենք, թէ Ալիեւ այս լկտի յայտարարութիւնը ըրած է չորս հայ զինուորներու կեանք խլած իր յարձակման յաջորդ օրը։
«Հայաստան կարծէք թէ մոռցած է Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմին հետեւանքները»,– շարունակած է Ազերպայճանի բռնապետը։
«Մենք Հայաստանի տարածքի նկատմամբ պահանջներ չունինք, բայց իրենք ալ պէտք է հրաժարին իրենց պահանջներէն։ Մեզի հետ անհիմն պնդումներու եւ սպառնալիքի լեզուով խօսիլը անոնց սուղ պիտի արժէ»,– ընդգծած է ան։
Հարկ է նշել, որ Ազերպայճանի օրէնսդրութեան համաձայն՝ Հայաստանի ամբողջ տարածքները իբրեւ թէ «պատմական ազերպայճանական հողեր» են, հետեւաբար Ալիեւի հաւաստումները, որ «մենք յաւակնութիւններ չունինք Հայաստանի տարածքի նկատմամբ», դատարկ խօսքեր են։
Աւելցնենք նաեւ որ նոյն ելոյթին Ալիեւ յայտարարած է, թէ վերջին ընտրութիւններուն Ստեփանակերտի մէջ իր քուէարկելը՝ «Հայ անջատողականներու դագաղին գամուած վերջին գամն էր»։
Նոյն օրը, Հայաստանի վարչապետի մամլոյ բանբեր Նազելի Բաղդասարեան հակադարձած է Ալիեւի յայտարարութեան, դիտել տալով թէ Հայաստանի օրէնսդրութիւնը երկրին ներքին գործն է եւ որեւէ արտաքին ուժ իրաւունք չունի միջամտելու մեր երկրի ներքին գործերուն։
«Ինչ կը վերաբերի խաղաղութեան պայմանագրին, ապա Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ բանակցուող նախագիծին մէջ առկայ է արդէն իսկ համաձայնութեան արժանացած կէտ մը, որու համաձայն կողմերը չեն կրնար յղում ընել մէկզմէկու օրէնսդրութեան՝ խաղաղութեան պայմանագրի որեւէ դրոյթի կատարումէն հրաժարելու համար»,– աւելցուցած է Բաղդասարեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։