Search
Close this search box.

Ալիեւ դարձեալ յոխորտացած է. «Հայաստան պէտք է լաւ մտածէ, ո՛չ ոք կրնայ մեզի հետ վերջնագրերով խօսիլ»

«Ազատութիւն» լրասփիւռին համաձայն՝ Ազերպայճանի նախագահը Սեպտեմբեր 21-ին Լաչինի մէջ յայտարարած է, որ եթէ Հայաստան գրգռութիւններու դիմէ «արժանի պատասխանը կը ստանայ»։

“Այսօր Հայաստան պէտք է լաւ մտածէ: Ո՛չ ոք մեզի հետ վերջնագրերով կրնայ խօսիլ եւ թող ո՛չ մէկուն վրայ յոյս դնեն: Ես անգամ մը եւս կ՚ըսեմ՝ ո՛չ ոք եւ ոչի՛նչ կրնայ մեր առաջքը առնել: Մենք իրաւունքի, արդարութեան, միջազգային իրաւունքի կողմնակից ենք, պիտի պաշտպանենք, պիտի պահպանենք ու պիտի վերականգնենք մեր հողային ամբողջականութիւնը: Ամբողջ աշխարհին ցոյց տուինք, թէ ի՛նչի ընդունակ ենք, մենք ուժով ազատագրեցինք մեր հողը եւ հպարտ ենք մեր ըրածով”,– ըսած է Ալիև:

Ան աւելցուցած է.– “Եթէ Հայաստան կ՚ուզէ մեզ մեղադրել, թէ մենք իրենց տարածքը մտած ենք, այդ մէկը ո՛չ մէկ հիմնաւորում ունի: Նախ եւ առաջ, եթէ սահմանները ըլլային հոն ուր իրենք կ՚ըսեն, ապա սահմանային ճարտարապետական աշխատանքներ կը տարուէին: Անոնք կը կարծէին թէ ամբողջ Ղարաբաղն ու Զանգեզուրը իրենց պիտի մնայ: Այդ պատճառով ալ ո՛չ մէկ բան ըրած են հայ-ազերպայճանական սահմանին”: