Search
Close this search box.

Ալիեւ դժգոհ է Ազերպայճանի դէմ Եւրոպական խորհրդարանի որդեգրած բանաձեւերէն

 

«Այնտեղ հայկական քարոզչական խումբերու ազդեցութիւնը կայ»

Յուլիս 19-ին, Ազերպայճանի նախագահ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Տէյվիտ Ճեյմս ՄըքԱլիսթըրի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Ան դժգոհած է խորհրդարանին հակաազերպայճանական դիրքորոշումէն։

“Մեր վերջին հանդիպումը տեղի ունեցաւ 2018-ին: Անկեղծօրէն ես նոյնիսկ քիչ մը զարմացայ, երբ իմացայ, որ դուք ծրագրած էք այցելել Ազերպայճան։ Կը յիշեմ հանդիպումի մը ընթացքին մենք խօսեցանք համագործակցութեան զարգացման մասին։ Բայց, ցաւօք, այդ տեղի չունեցաւ։ Պատճառը ո՛չ թէ մեր, այլ Եւրոպական խորհրդարանի որոշ երեսփոխաններու դիրքորոշումն էր։ Նման կեցուածք մենք բացարձակապէս անհիմն կը նկատենք”,– հանդիպումին ըսած է Ալիեւ։

Ան նշած է թէ՝ մոռցած է «Եւրոպական խորհրդարանի ընդունած հակաազերպայճանական բանաձևերուն ընդհանուր թիւը»։

“Խօսքը 10-է աւելի բանաձեւի մասին է։ Յատկապէս Հայրենական պատերազմէն ետք ընդունուած բանաձեւ մը, որ մտահոգիչ է, քանի որ այնտեղ կը խօսուէր Ղարաբաղի հայկական մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին։ Ատիկա ճիշդ չէ։ Այդ բանաձեւը ընդունուած է ընթացիկ տարուան Մարտին, այսինքն՝ պատերազմի աւարտէն մէկուկէս տարի յետոյ”,– ընդգծած է Պաքուի ղեկավարը։

Ան աւելցուցած է, որ իրենց վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներ այցելած են դեսպանատուներու ներկայացուցիչներ, քաղաքական գործիչներ, եւրոպական որոշ երկիրներու խորհրդարաններու նախագահներ, լրագրողներ։ Այժմ կը կազմակերպուին ուղեւորութիւններ, եւ Ազերպայճանի իւրաքանչիւր քաղաքացի կրնայ այցելել Շուշի, Ֆիզուլի, Աղդամ ու «տեսնել հայկական վանդալական արարքներու եւ բարբարոսութեան ծաւալը։ Նման պայմաններու մէջ բացարձակապէս անընդունելի է միակողմանի բանաձեւի մը ընդունումը, որ կը մեղադրէ Ազերպայճանը այնպիսի արարքներու համար, զորս մենք երբեք չենք կատարած, եւ կ՚անտեսէ Հայաստանի եւ Հայերու գործողութիւնները մեր տարածքներուն մէջ: Գիտեմ, որ ձեր պատուիրակութեան անդամներէն շատեր թեր քուէարկած են այդ բանաձեւին, քանի որ Եւրոպական խորհրդարանը ենթակայ է հայկական քարոզչական խումբերու ազդեցութեան»,– ըսած է Ալիեւ։