Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Եթէ Հայաստան խաղաղութիւն կ՚ուզէ, պէտք է պատժէ մեղաւորները»

 

Հոկտեմբեր 2-ին, Պաքուի մէջ տեղի ունեցող «Անհետացածներու խնդրի լուծում» խորագրեալ համաժողովին, նախագահ Իլհամ Ալիեւ ժողովի մասնակիցներուն ուղղած իր խօսքին մէջ յատկապէս նշած է.

“Եթէ Հայաստան իրապէս կը փափաքի Ազերպայճանի հետ խաղաղութեան հասնիլ պէտք է դատապարտէ ազերպայճանցիներու դէմ իրագործուած վայրագութիւնները եւ պատժէ մեղաւորները։ Սա կրնայ նաեւ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման արդիւնաւէտ միջոցներէն մէկը հանդիսանալ”։

Ան աւելցուցած է, թէ «այժմ Ազերպայճանի մէջ պատասխանատւութեան կ՚ենթարկուին ռազմական յանցագործութիւններու որոշ մեղաւորներ (նկատի ունի բռնագրաւուած Արցախի նախկին ռազմաքաղաքական ղեկավարները, որոնք ապօրինաբար շղթայուած են Պաքուի բանտերուն մէջ – խմբ.), սակայն Հայաստանի մէջ ո՛չ մէկ յանցագործ պատասխանատւութեան ենթարկուած է, այլ ընդհակառակն, անոնք հերոսացուած են»։

Ալիեւ կոչ ուղղած է Հայաստանին հրաժարելու իր ապակառուցողական դիրքերէն եւ կատարելու միջազգային մարդասիրական օրէնքով իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։