Search
Close this search box.

Ալիեւ Երեւանէն կը պահանջէ բանակցութիւններ սկսիլ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ին հետ

 

Մինչ Դեկտեմբեր 4-ին, Հայաստանի վարչապետը Ազգային ժողովին մէջ կը հաւաստէր, թէ հայ-ազերպայճանական նոր հրահրումներու որեւէ հիմք չկայ եւ կը բացառէր հայկական կողմէ որեւէ քայլ, որ կրնայ ապակայունացնել իրավիճակը, Ազերպայճանի ղեկավարը յաջորդ օր կրկին մեղադրանքներ ուղղած է հայկական կողմին։

«Հայաստանէն վտարուած ազերպայճանցիներու վերադարձի իրաւունքի» նիւթին շուրջ Պաքուի մէջ տեղի ունեցած միջազգային համաժողովի մասնակիցներուն յղած իր երկարաշունչ ուղերձին մէջ Իլհամ Ալիեւ դարձեալ պնդած է, թէ Երեւան խոչընդոտ կը հանդիսանայ խաղաղութեան, պէտք է փոխէ Սահմանադրութիւնը, խնդրայարոյց են զէնք գնելու հայկական կողմին փորձերը։

Այսքանով չսահմանափակուելով՝ Ալիեւ վերստին յայտարարած է, թէ Հայաստան պէտք է բանակցութիւններ սկսի «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի համայնքին հետ եւ գործնական քայլերու ձեռնարկէ «արեւմտեան ազերպայճանցիներ»-ու իրաւունքներու վերականգնման ուղղութեամբ։

Հակառակ Ազերպայճանի՝ Հայաստանի նկատմամբ ունեցած տարածքային յաւակնութիւններուն, իր վերջին հարցազրոյցին մէջ վարչապետ Փաշինեան անդրադառնալով ընդամէնը քանի մը տարի առաջ շրջանառութեան մէջ դրուած այդ թեզին, նոյն հարթութեան վրայ դիտարկեց Արեւմտեան Հայաստանն ու Պաքուի առաջադրած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ը:

«Հիմա մենք ինչքան նեղւում ենք եւ շատ ծանր ենք տանում եւ խնդիր ենք համարում, որ ինչ-որ տեղ ինչ-որ մարդիկ օգտագործում են «Արեւմտեան Ադրբեջան» եզրը, չէ՞, բա մենք որ ասում ենք Արեւմտեան Հայաստան, չենք մտածո՞ւմ, որ ինչ-որ մարդկանց դա գրգռում է: Ոնց որ ասում են «Արեւմտեան Ադրբեջան», մեզ է գրգռում, տենց էլ ոնց որ ասում ենք Արեւմտեան Հայաստան, ուրիշներին է գրգռում»,– յայտարարեց Փաշինեան:

Հայաստանի մէջ սուր քննադատութեան ալիք բարձրացուցած այս յայտարարութիւնը սակայն չէ գոհացուցած Պաքուն։ Ազերպայճանի առաջնորդը պնդած է, թէ Հայաստան կը փորձէ «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք» կազմակերպութեան գործունէութիւնը իբրեւ սպառնալիք ներկայացնել իր տարածքային ամբողջականութեան, մինչդեռ այդ համայնքի նպատակը, ըստ Ալիեւի, «Արեւմտեան Ազերպայճանէն վտարուածներու արժանապատիւ վերադարձն է իրենց պապենական հողերը՝ խաղաղ եւ ապահով պայմաններու տակ»:

“Հայ հասարակութեան մէջ Ազերպայճանի ժողովուրդի հանդէպ արմատացած ատելութիւնը, «մեծ Հայաստան»-ի մասին երազանքները, Ազերպայճանի նկատմամբ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ տակաւին պահպանուած տարածքային պահանջները, այդ երկրի արագ զինումը խոչընդոտ կը հանդիսանան կայուն խաղաղութեան հաստատման»,– պնդած է Ալիեւ:

Իր ուղերձին մէջ Պաքուի բռնապետը չէ անդրադարձած աւելի քան երկու տարիէ ի վեր բանակցութեան առարկայ հայ-ազերպայճանական խաղաղութեան պայմանագրին, մինչդեռ Հայաստանի վարչապետը տակաւին երէկ կը յուսար, որ Երեւան եւ Պաքու կ՚աշխուժացնեն պայմանագրի նախագիծին շուրջ աշխատանքները:

“Աշխատանքի ըստ էութեան 90 տոկոսը եղած է եւ կը մնայ վերջին ջանքը գործադրել եւ ստորագրել խաղաղութեան պայմանագիրը։ Մենք նաեւ առաջարկել ենք շատ իրական լուծում՝ տարածաշրջանի հաղորդակցութիւնների բացման հարցին շուրջ”,– Ազգային ժողովին մէջ նախորդ օրը յայտարարած էր Հայաստանի վարչապետը:

Պաքուի մէջ տեղի ունեցած սոյն ժողովը, ըստ ազերպայճանական աղբիւրներու, նպատակ ունի «մշակել ադզերպայճանցիներու պատմական հայրենիք վերադարձի գործիքակազմեր»։

Մինչ այդ գործիքակազմերը կը մշակուին, Ալիեւ պարգեւատրած է խումբ մը երիտասարդ ազերպայճանցիներ՝«Ազերպայճանցիներու վերադարձի իրաւունքին» ուղղութեամբ կատարած իրենց յաջող քարոզչութեան համար, ինչ որ կը նշանակէ, թէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու նկատմամբ յաւակնութիւններ պարունակող խօսոյթը այսուհետեւ պաշտօնապէս մաս կը կազմէ Պաքուի օրակարգին: