Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի եւ պիտի բացուի»

Յունուար 7-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղական լրասփիւռներուն տուած հարցազրոյցին դարձեալ խօսած է, այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի մասին եւ սպառնալիքներ հնչեցուցած։

Ան նախ անդրադարձած է ԱՄՆ-ու նախագահական ընտրութեան արդիւնքին եւ յայտարարած, թէ «աւարտած է նաեւ Սորոսի դարաշրջանը»՝ ակնարկելով Պայտընի վարչակազմին՝ ընդգծելով, թէ Հայաստանի ղեկավարութիւնը պէտք է սա նկատի ունենայ։ “Պէտք է հաշուի առնեն, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ անոնց մօտիկ դաշնակցին՝ Ասատի բռնապետութիւնը արդէն նետուած է պատմութեան աղբանոցը եւ այդպէս պիտի շարունակուի, հետեւաբար թող ճիշդ քայլ առնեն։ Ազերպայճան անոնց համար վտանգի աղբիւր չէ։ Մենք՝ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն կ՚ուզենք, եւ թող մեզ չխանգարեն։ Անոնք պէտք չէ գործեն իբրեւ աշխարհագրական պատնէշ Թուրքիոյ եւ Ազերպայճանի միջեւ։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը պէտք է բացուի եւ պիտի բացուի։ Անոնք որքան շուտ հասկնան՝ այնքան լաւ”,– սպառնացած է Ալիեւ։

***

Պաքու տարիներէ ի վեր կը պնդէ, թէ Ազերպայճան Նախիջեւանի հետ պէտք է կապ ունենայ Սիւնիքի վրայով, բայց առանց մաքսային ու սահմանային հսկողութեան։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման մասին Պաքուի յայտարարութիւններուն ի պատասխան՝ Երեւան միշտ ալ ըսած է, թէ «բանակցութիւններու մէջ միջանցքային տրամաբանութիւն չկայ», ընդգծելով, որ հաղորդակցային որեւէ ուղի պէտք է ըլլայ տուեալ երկրի ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ՝ հաւասարութեան ու փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ:

 

«Հայաստան ֆաշական պետութիւն է եւ ֆաշականութեան վտանգը պէտք է ոչնչացուի»

Ազերպայճանի նախագահը նաեւ պնդած է, որ «Հայաստան սպառնալիքի աղբիւր է տարածաշրջանին համար» եւ անկախ հայկական պետութիւնը, ըստ էութեան, «ֆաշական պետութիւն է»։ “Հայաստանը շուրջ 30 տարի ղեկավարած են ֆաշական գաղափարախօսութեան հետեւորդները, որոնք այդ երկիրը կերտած են իրենց կերպարով։ Ազերպայճան դրացի է ֆաշական պետութեան հետ եւ ֆաշականութեան վտանգը չէ վերացած ու պէտք է ոչնչացուի։ Մենք այլ ելք չունինք”,– յայտարարած է Ալիեւ։

 

«Հայաստան առաքուած զէնքերը պէտք է վերադարձուին»

Ան անդրադարձած է նաեւ Հայաստանի զէնքի գնումներուն՝ նշելով, որ այդ պարագան նոր լարում կը ստեղծէ եւ թէ Հայաստան պէտք է անյապաղ դադրեցնէ սպառազինումը։ “Անոր զէնք մատակարարող Ֆրանսա եւ այլ երկիրները պէտք է ջնջեն այդ պայմանագրերը։ Արդէն Հայաստան առաքուած զէնքերը պէտք է վերադարձուին։ Սա է մեր պայմանը խաղաղութեան համաձայնագրին համար”,– ըսած է Ազերպայճանի բռնապետը։

Ալիեւ յայտնած է, թէ այս ամիս Պաքուի նախաձեռնութեամբ կրնայ տեղի ունենալ Ազերպայճանի եւ Հայաստանի միջեւ սահմանի զատման շուրջ բանակցութիւններու յաջորդական փուլը։

 

«Մաքրոն բանիցս սպառնացած է զիս, թէ պիտի ճանչնայ Ղարաբաղը»

Նոյն հարցազրոյցին, Ալիեւ նաեւ յայտնած է, թէ Ֆրանսա բազմիցս փորձած է սպառնալ Ազերպայճանին, որ պիտի ճանչնայ Արցախը։

Ազերպայճանի նախագահը պատմած է, որ 44-օրեայ պատերազմի աւարտէն ետք, Ֆրանսայի նախագահ Էմանիւէլ Մաքրոն, իբրեւ թէ քանի մը անգամ հեռաձայնած է իրեն եւ սպառնացած, որ պիտի ճանչնայ Արցախը։

“Ֆրանսայի ներկայի ղեկավարութիւնը քաղաքագիտօրէն հասուն չէ։ Իւրաքանչիւր պետութիւն, որ կ՚որոշէ ճանչնալ այդ տարածաշրջանը կը ստանայ դիւանագիտական յարաբերութիւններու խաթարման ազդարարագիր”,– ըսած է ան։

 

«Լաւ պիտի ըլլար որ Հայաստանի վարչապետը ընդունէրԱրեւմտեան Ազերպայճան”-ի ներկայացուցիչները»

Ալիեւ իր երկրի լրասփիւռներու ներկայացուցիչներուն նաեւ ըսած է. “Լաւ պիտի ըլլար, որ Հայաստանի վարչապետը ընդունէր «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի ներկայացուցիչները, նկատի ունենալով, որ անոնք պատրաստ են երթալու Երեւան։

Հայաստան այսօր կը ներկայանայ իբրեւ եւրոպական ժողովրդավարութեան ճամբով ընթացող երկիր, հետեւաբար՝ թող ապացուցէ։ Այս հարցը օրակարգի վրայ պիտի մնայ այնքան ատեն, որ ազերպայճանցիները ապահով պայմաններու տակ չեն հաստատուած «Արեւմտեան Ազերպայճան»-ի, ներառեալ ՝ Արեւմտեան Զանգեզուր»-ի մէջ”,– նշած է ան։