Search
Close this search box.

Ըստ Ալիեւի՝ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման շուրջ համաձայնութիւն գոյացած է

Էրտողանին պատմած է Փաշինեանի հետ իր հանդիպման մասին

Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հեռաձայնած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին եւ տեղեկացուցած Մայիս 22-ին Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական Միութեան խորհուրդի նախագահին եւ Հայաստանի վարչապետին հետ իր հանդիպումին մասին: Լուրը հաղորդած է ազերպայճանական «Մինվալ» կայքը:

Ալիեւ անդրադարձած է հանդիպումին քննարկուած` Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի նախապատրաստութեան առնչուող հարցերուն:

Պաքուի ղեկավարը ըսած է, թէ դրական կը գնահատէ եռակողմ հանդիպման արդիւնքները: Ան նաեւ նշած է, որ կողմերուն միջեւ համաձայնութիւն գոյացած է այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի բացման շուրջ` ներառելով թէ՛ երկաթուղիի, թէ՛ մայրուղիի կառուցումը:

Էրտողան շնորհակալութիւն յայտնած է եռակողմ հանդիպման մասին տեղեկատւութեան համար, եւ բարձր գնահատած՝ հանդիպումի ընթացքին ձեռք բերուած դրական արդիւնքները:

Միւս կողմէ, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախկին նախարար Մամետեարով ալ իր կարգին Պրիւսէլեան հանդիպումը դրական գնահատելով յայտարարած է, թէ 44-օրեայ պատերազմէն ետք ղարաբաղեան հարցը լուծուած է, եւ Արցախի մէջ ապրող Հայերը պէտք է Ազերպայճանի քաղաքացիութիւն ընդունին։

Մամետեարով նաեւ անդրադարձած է Երեւանի մէջ տեղի ունեցող բողոքի ցոյցերուն՝ նշելով, թէ՝ «Հայաստանի մէջ բողոքի ցոյցեր կը կատարեն վրէժխնդիր ուժերը»։