Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, որ Պաքուի հեղինակած «Զանգեզուրի միջանցք» ծրագիրը քանի մը տարուան ընթացքին դարձած է միջազգային եզր եւ աշխարհի մէջ ընդունուած արտայայտութիւն ու ի հարկէ, Ազերպայճան «գործնական քայլերու կը ձեռնարկէ այդ միջանցքի բացման ուղղութեամբ»։ Այս մասին Ազերպայճանի ղեկավարը խօսած է Յունուար 28-ին, փոխադրամիջոցներու հարցերու նուիրուած նիստի մը ընթացքին:
“Իրօք, հայկական կողմը արդէն աւելի քան չորս տարի է՝ ոչ կառուցողական դիրքորոշում կը ցուցաբերէ այս հարցին մէջ եւ փաստօրէն չի կատարեր Նոյեմբեր 10-ի անձնատւութենէն ետք իր պարտաւորութիւնները։ Հոն յստակօրէն ըսուած է՝ պէտք է փոխադրամիջոցային կապեր ըլլան Ազերպայճանի եւ անոր անբաժանելի մասին՝ Նախիջեւանի ինքնավար հանրապետութեան միջեւ”,– ըսած է Ալիեւ՝ պնդելով, թէ Հայաստան իր պարտաւորութիւնները կատարելու փոխարէն «կը փափաքի խեղաթիւրել միջազգային հանրութեան կարծիքը՝ օգտագործելով զանազան արդարացումներ, ստեղծելով զանազան անիրական ու անիմաստ ծրագրեր, կը զբաղի խաբեբայութիւններով»։
Պաքուի բռնապետին համաձայն՝ Ազերպայճան տարածքային պահանջներ չունի Հայաստանէն, բայց ինչպէս շեշտած է, «Հայաստան պէտք է կատարէ իր պարտականութիւնները եւ անխափան անցք ապահովէ Ազերպայճանէն դէպի Ազերպայճան»:
Հայկական կողմը բազմիցս յայտարարած է, թէ միջանցքային տրամաբանութիւնը կը մերժէ: Երեւան Ազերպայճանին կ’առաջարկէ տարածաշրջանի ապաշրջափակումը ապահովել կառավարութեան նախաձեռնած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» ծրագրի հիման վրայ՝ յարգելով երկիրներու ինքնիշխանութիւնն ու իրաւազօրութիւնը։
Ազերպայճանի նախագահը, առաջին անգամ հրապարակաւ մեկնաբանելով «Խաղաղութեան խաչմերուկ» տարածաշրջանային նախաձեռնութիւնը, յայտարարած է, որ ան «ղրուշ մ՚իսկ արժէք չի ներկայացներ, բան մը որու մասին տարբեր խողովակներով հայկական կողմին բազմիցս հասկցուցած են»։
“Եթէ դուք իրապէս կը փափաքիք իրագործել այդ ծրագիրը, նախ եւ առաջ պէտք է դիմէիք Ազերպայճանին, որովհետեւ առանց մեզի ան պարզապէս թուղթի կտոր մըն է, իսկ մեր պայմանները արդար են, հիմնուած՝ միջազգային իրաւունքի եւ ինչպէս ըսի՝ Հայաստանի ստանձնած պարտաւորութիւններուն վրայ”,– պնդած է Ալիեւ։
«Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը կ’ենթադրէ տարածաշրջանի բոլոր փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւններու բացում, ներառեալ Ազերպայճան-Ազերպայճան՝ Հայաստանի տարածքով եւ Հայաստան-Հայաստան՝ Ազերպայճանի տարածքով:
Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան առջի օր ընդգծած էր, որ հայկական կողմը ապաշրջափակման հարցին մէջ առաջարկած է «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ը, իսկ խաղաղութեան պայմանագրի հարցին մէջ առաջարկած են լուծումներ եւ պիտի շարժին այս ուղղութեամբ: Ալիեւի նախորդ հարցազրոյցէն ետք ալ վարչապետ Փաշինեան յայտարարած էր, թէ Պաքու կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի սաստկացման «օրինականութիւն» ձեւաւորել:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։