Search
Close this search box.

Ալիեւ կը նախատեսէ մինչեւ տարեվերջ գրաւեալ Արցախի մէջ բնակեցնել շուրջ 20 հազար ազերիներ

Ալիեւի թէյի պահը՝ գրաւեալ Շուշիի մէջ

Մինչեւ 2024-ի վերջը Պաքուի գրաւած Արցախի տարածքին պիտի բնակեցուի մինչեւ 20 հազար ազերպայճանցի։

Վերջիններուս բնակեցման մտադրութեան մասին յայտարարած է նախագահ Ալիեւ՝ Ազերպայճանի կողմէ բռնագրաւուած Շուշիի մէջ տեղի ունեցող  թրքախօս պետութիւններու կազմակերպութեան նիստին։

Ան ըսած է, թէ Բերձորի, Շուշիի, Խոջալուի եւ Արցախի չորս գիւղերու բռնագրաւումէն ի վեր այնտեղ մնայուն բնակութեան համար փոխադրուած է 8 հազար ազերպայճանցի։