Search
Close this search box.

Ալիեւ կրկին կը պահանջէ Հայաստանի զօրքերը հեռացնել Արցախէն

«Ազատութիւն» լրասփիւռը յղում ընելով «Սփիւթնիք Ազերպայճան»-ի հաղորդումին, կը տեղեկացնէ, թէ Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Յուլիս 15-ին կայացած կառավարութեան նիստին յայտարարած է, որ  Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչները խոստացած էին մինչեւ Յունիս ապահովել հայկական զօրքերու հեռացումը Ղարաբաղէն, սակայն այդ համաձայնութիւնը ցարդ չէ կատարուած։ 

“Հայաստան՝ իբրեւ պատերազմին պարտուած եւ յանձնուողական յայտարարութիւն ստորագրած երկիր, 2020 Նոյեմբեր 10-ի յայտարարութեամբ ստանձնած է որոշ պարտաւորութիւններ, որոնք յստակ են: Անոնցմէ մէկը Ղարաբաղէն հայկական զինուած ուժերու հեռացումն է: Բայց տակաւին այդ հարցը լուծում չէ գտած։ Եթէ Հայաստան չ՚ուզեր իր զօրքերը քաշել Ազերպայճանի տարածքէն, բացայայտ կերպով թող ըսէ, մենք ալ գիտնանք, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք, ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը”,– յայտնած է Ալիեւ։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանի եւ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ առաջին երկկողմ հանդիպումին (Թիֆլիս, Յուլիս 16-ին), ըստ Ալիեւի՝ այդ հանդիպման օրակարգը սեղանին վրայ է, եւ անոր լաւագոյն արդիւնքը կրնայ ըլլալ հայկական կողմի աշխատանքային խումբի ձեւաւորումը: “Ազերպայճան արդէն կազմած է խաղաղութեան պայմանագրի նախապատրաստութեան աշխատանքային խումբը, մինչդեռ Հայաստան տակաւին որեւէ քայլ չէ առած այդ ուղղութեամբ”,– դժգոհած է ազերի ղեկավարը: Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ սահմանազատման հարցով հայ-ազերպայճանական յանձնաժողովի երկրորդ նիստը նախատեսուած է գալ ամիս: Հայկական կողմը ցարդ ոչինչ ըսած է փոխվարչապետերու նախագահութեամբ Մայիսին կազմուած հայկական եւ ազերպայճանական յանձնաժողովներու հանդիպման մասին: Ալիեւ նշած է, թէ նիստը պիտի յատկացուի գործնական հարցերու քննարկման: Ան աւելցուցած է, թէ սահմանազատման հարցերու յանձնաժողովի առաջին նիստը գումարուած է Պաքուի նախաձեռնութեամբ, որովհետեւ Ազերպայճան կը ձգտի սահմանազատման ուղղութեամբ արագ քայլերու ձեռնարկել, սակայն հայկական կողմը այնքան ալ հակուած չէ անոր:

Ալիեւ ընդգծած է, թէ հակառակ անոր որ վերջին վեց ամիսներուն որոշ քայլերու ձեռնարկուած են հայ-ազերպայճանական յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ, ատով հանդերձ դժբախտաբար իրական արդիւնքներ չկան տակաւին:

Ալիեւ կառավարութեան նոյն նիստին շեշտած է նաեւ հետեւեալ կէտերը.-

«Նոյեմբեր 10-ի համաձայնագրով՝ Հայաստան պէտք է ճանապարհ տրամադրէ դէպի Նախիջեւան»

“Նոյեմբեր 10-ի հռչակագրին համաձայն՝ պէտք է կապ հաստատուէր Ազերպայճանի հիմնական մասին եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ, եւ Հայաստան ստանձնած է այդ պարտաւորութիւնը, սակայն ցարդ նման հնարաւորութիւն չէ տրուած մեզի։ Լաչինի ճամբան բաց է. նոյեմբեր 10-ի հռչակագրով մենք պարտաւորութիւն ստանձնած ենք, որ Լաչինի ճանապարհը պիտի գործէ եւ Ազերպայճան պիտի երաշխաւորէ անոր անվտանգութիւնը։ Մենք կատարած ենք մեր պարտաւորութիւնը։ Միաժամանակ հնարաւորութիւն չունինք Ազերպայճանի հիմնական հատուածէն մեկնելու Նախիջեւան։ Հայաստանի տարածքին ո՛չ միայն հնարաւոր չէ, այլեւ չենք տեսներ, որ այս ուղղութեամբ աշխատանքներ կը տարուին”։

«Բանաւոր համաձայնութիւն եղած է, որ Հայաստան կարգավիճակի հարց պիտի չբարձրացնէ»

“Երբ պատերազմը աւարտեցաւ, եւ Հայաստան ստիպուած եղաւ յանձնուողական յայտարարութիւն ստորագրելու, մեր՝ Ազերպայճանի, Ռուսաստանի, Հայաստանի ղեկավարներուն միջեւ բանաւոր համաձայնութիւն կար, որ կարգավիճակի հարցը պիտի չշօշափուի։ Հայաստան որոշ ժամանակ այդպէս կը վարուէր։ Սակայն վերջին շրջանին Ղարաբաղի կարգավիճակի մասին կը խօսի կա՛մ իրենց վարչապետը, կա՛մ Արտաքին գործոց նախարարը։ Պատերազմէն յետոյ ըսի, թէ ո՛ւր գնաց կարգավիճակը, ի՛նչ եղաւ. չեմ ուզեր կրկնել։ Հետեւաբար ըստ իս Հայաստանի համար կարգավիճակի մասին խօսիլը շատ վտանգաւոր է, քանի որ մենք ալ կրնանք կարգավիճակ պահանջել Զանգեզուրի համար, Զանգեզուրը, որ մեզմէ խլուեցաւ 1920-ին։ Մենք չենք խօսիր, թէեւ կրնանք խօսիլ”։

«Մինսքի խումբի ետին կը տեսնենք տարածքային պահանջներ մեր նկատմամբ»

“Կրկին փորձեր կ՚ըլլան վերակենդանացնելու հանգուցեալ Մինսքի խումբը։ Այսօր այդ խումբը փաստօրէն դուրս եկած է ասպարէզէն։ Մենք՝ իբրեւ այս գործընթացին մասնակից երկիր, կ՚ըսենք որ՝ Մինսքի խումբի կարիքը չկայ, 28 տարուան ընթացքին ո՛չ մէկ արդիւնքի հասած կառոյցի մը կարիքը չկայ։ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միջեւ, այսպէս կոչուած, պաղ պատերազմ կ՚ընթանայ։ Փաստօրէն, իրենք կը խոստովանին, որ Մինսքի խումբը չի գործեր։ Ռուսական կողմը կ՚ըսէ թէ Մինսքի խումբը արդէն անգործութեան մատնուած է, եւ միւս համանախագահները վերջ դրած են այդ կառոյցին։ Հայաստան դարձեալ ամէն քայլափոխի կը կրկնէ՝ Մինսքի խումբը այսպէս է, Մինսքի խումբը այնպէս է։ Ատիկա ի՞նչ կը նշանակէ։ Պարզապէս ատոր ետին կրկին կը տեսնենք տարածքային պահանջներ մեր երկրին նկատմամբ»։