Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու պարագային կարելի կ՚ըլլայ խաղաղութեան հասնիլ»

Փետրուար 1-ին, Ազեր­պայճա­նի նա­խագահ Իլ­համ Ալիեւ Պա­քուի մէջ յայ­տա­րարած է, թէ «Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութեան եւ միւս փաս­տա­թուղթե­րուն մէջ փո­փոխու­թիւններ կա­տարե­լու պա­րագա­յին կա­րելի կ՚ըլ­լայ խա­ղաղու­թեան հաս­նիլ»։

Ալիեւ պնդած է, թէ «Ազեր­պայճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի միջեւ ինքնա­բերա­կանու­թեան սկզբունքով (տէ ֆաք­թօ) խա­ղաղու­թիւն կը տի­րէ, ար­դէն քա­նի մը ամիս է, որ եր­կու եր­կիրնե­րու սահ­մաննե­րը հան­դարտ են»։ Ան միաժա­մանակ ընդգծած է, թէ Հա­յաս­տան «սպառազինման քա­ղաքա­կանու­թիւն կը վա­րէ եւ ատոր զու­գա­հեռ աշ­խարհա­քաղա­քական խար­դա­ւանքներու կը նա­խաձեռ­նէ»։

Ազեր­պայճա­նի նա­խագա­հը նաեւ Ֆրան­սա­ն կոշտ քննա­դատու­թեան են­թարկե­լու առի­թը չէ փախ­ցուցած՝ նշե­լով, թէ այդ եր­կի­րը կ՚ու­զէ՝ «Հա­րաւա­յին Կով­կա­սի մէջ առա­ջատար դե­րակա­տարու­թիւն ստանձնել և ամ­րապնդել իր դիր­քե­րը»։ “Ֆրան­սա­յի այդ ջան­քե­րը, սա­կայն, ապար­դիւն են”,– ըսած է ան։

Միջ­խորհրդա­րանա­կան միութեան գամըրունցի ընդհ. քարտուղար Մարթին Շունկոն­կի հետ հան­դի­պու­մին Ալիեւ քննա­դատած է նաեւ եւ­րո­պական կա­ռոյց­նե­րը՝ Եւ­րո­պայի խոր­հուրդի խորհրդա­րանա­կան վե­հաժո­ղովին (ԵԽԽՎ) մէջ Ազեր­պայճա­նի պա­տուի­րակու­թեան լիազօ­րութիւննե­րը կա­սեց­նե­լուն պատ­ճա­ռով։

“Եթէ ԵԽԽՎ-ի մէջ մեր պա­տուի­րակու­թեան լիազօ­րու­թիւննե­րը չվե­րականգնուին, Ազեր­պայճան պիտի վե­րանա­յի Եւ­րո­պայի խոր­հուրդին եւ Մարդկա­յին իրա­ւանց եւ­րո­պական ատեանին իր մաս­նակցու­թիւնը”,– ըստ սպառնացած է ան:

Ալէն Սիմոնեան. «Ազերպայճանի Սահմանադրութեան մէջ նոյնպէս կան դրոյթներ, որոնք փոխադարձ կարգով պէտք է փոփոխուին»

Ալիեւի վե­րոն­շեալ յայ­տա­րարու­թիւննե­րուն նա­խորդ օրը՝ Յու­նո­ւար 31-ին, Չե­խիոյ խորհրդա­րանի երես­փո­խան­նե­րու պա­լատի նա­խագա­հու­հիին հետ տրո­ւած մամ­լոյ ասու­լի­սին՝ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահ Ալէն Սի­մոնեան յայ­տա­րարած է, թէ Ազեր­պայճա­նի Սահ­մա­նադ­րութեան, օրէնսդրու­թեան մէջ նոյնպէս կան դրոյթներ, որոնք փո­խադարձ կար­գով պէտք է փո­փոխո­ւին։

Սա­կայն, ան չէ ման­րա­մաս­նած, թէ Հա­յաս­տան ի՞նչ փո­փոխու­թիւն կ՚ու­զէ տես­նել Ազեր­պայճա­նի մայր օրէն­քին մէջ։ Նաեւ ան յստա­կօրէն ո՛չ հաս­տա­տած է եւ ո՛չ ալ ժխտած, թէ Հա­յաս­տա­նի նոր Սահ­մա­նադ­րութեան հար­ցը Ազեր­պայճա­նի պա­հան­ջին ըն­դա­ռաջե­լո՞վ է, թէ՞ ոչ։

Պա­տաս­խա­նելով հար­ցում-դի­տար­կումի մը, որ կը վե­րաբե­րէր խա­ղաղու­թեան բա­նակ­ցութիւննե­րու սկիզ­բէն ի վեր՝ «Հա­յաս­տա­նի Սահ­մա­նադ­րութեան մէջ, Ազեր­պայճա­նի նկատ­մամբ տա­րած­քա­յին ոտնձգու­թիւննե­րուն վերջ դնել»-ու Պա­քուի բա­ցայայտ պա­հան­ջին, Սի­մոնեան ըսած է. “Նոյն հար­ցը կը բարձրա­ցուի նաեւ Հա­յաս­տա­նի կող­մէ”։

«Ազա­տու­թեան» հար­ցումին, թէ «եթէ նոր Սահ­մա­նադ­րութեան նա­խագիծ ներ­կա­յացո­ւի, ար­դեօք պի­տի առա­ջար­կո­ւի ան­կէ հա­նել Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րին յղու­մը, խորհրդա­րանի նա­խագա­հը կա­նուխ հա­մարած է այդ մա­սին խօ­սելու հա­մար՝ պատ­ճա­ռաբա­նելով, թէ այս պա­հուն պաշ­տօ­նական շրջա­նակ­նե­րու մէջ նման քննար­կում չկայ։

Այ­նուհե­տեւ, «Ազա­տու­թիւն» կը գրէ.

«Ար­դա­րեւ, Ան­կա­խու­թեան հռչա­կագ­րին մէջ յի­շատա­կում կայ Ար­ցա­խի եւ Հա­յաս­տա­նի վե­րամիաւոր­ման մա­սին։

Ալէն Սի­մոնեան ան­ձամբ Հա­յաս­տա­նի օրէնսդրու­թեան մէջ վե­րանայ­ման անհրա­ժեշ­տութիւն կը տես­նէ՝ աշ­խարհա­քաղա­քական փո­փոխու­թիւններն ու վեր­ջին իրա­դար­ձութիւննե­րը հա­շուի առ­նե­լով, բայց այս հար­ցին մէջ ալ՝ ոչ մէկ շօ­շափե­լի տե­ղեկու­թիւն։

“Մենք պէտք է հասկնանք՝ ին­չի հա­մար է Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան գո­յու­թիւնը. ար­դեօք անոր հա­մար է, որ մենք վե­րականգնե՞նք Մեծ Հայ­քը, Փոքր Հայ­քը, թէ՞ Սեպ­տեմբեր 21-ի մա­սին է, ուր մենք ստա­ցանք ան­կա­խու­թիւն։ Ես կը կար­ծեմ, որ այս հար­ցե­րու պա­տաս­խաննե­րը միան­շա­նակ չեն այ­սօր մեր հան­րութեան մէջ. ատոր հե­տեւան­քով նաեւ միան­շա­նակ ար­տա­ցոլո­ւած չեն մեր օրէնսդրու­թեան մէջ։ Կա­րելի չէ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թիւնը ըլ­լայ անկերպարան բան մը, կա­րելի չէ, որ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան քա­ղաքա­ցին չհասկնայ եւ չի­մանայ, թէ ո՛ւր կը սկսի իր հայ­րե­նիքը եւ ո՛ւր կը վեր­ջա­նայ”,– ընդգծեց Ազ­գա­յին ժո­ղովի նա­խագահը»։ ■