Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Հայաստան գիտակցաբար ժամանակ կը շահի, նոր զինամթերք կը գնէ Ֆրանսայէն, Արեւմուտքէն»

Օգոստոս 30-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Թուրքիոյ խորհրդարանի պատուիրակութեան հետ հանդիպումին յայտարարած է, թէ Հայաստան շահագրգռուած չէ խաղաղութեան համաձայնագրով եւ տարածաշրջանի մնայուն խաղաղութեամբ։

“Հայաստան գիտակցաբար ժամանակ կը շահի, նոր զինամթերք կը գնէ Ֆրանսայէն, Արեւմուտքէն ու այլ կողմերէն, իր տարածքին մէջ ռազմափորձեր կ՚ընէ երրորդ երկիրներու հետ”,– ընդգծած է Պաքուի բռնապետը:

Ան կրկնած է Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պահանջը՝ ըսելով. “Ազերպայճանի նկատմամբ Հայաստանի Սահմանադրութեամբ ամրագրուած տարածքային պահանջները պէտք է վերացուին եւ Սահմանադրութիւնը պէտք է փոխուի”։ 

Ալիեւ անդրադարձած է նաեւ է Մինսքի խումբի գոյութեան՝ նշելով, թէ Հայաստանի կեցուածքը անոր պահպանման մասին տարակուսանք կը յառաջացնէ․ “Եթէ հակամարտութիւնը աւարտած է եւ Հայաստանի վարչապետը կ՚ընդունի Ազերպայճանի տարածքային ամբողջականութիւնը, ի՞նչով անհրաժեշտ է Մինսքի խումբի գոյութիւնը, որ արդէն կորսնցուցած է իր այժմէականութիւնը։ Մինսքի խումբը եւ անոր հետ կապուած ժամանակավրէպ հաստատութիւնները պէտք է ամբողջութեամբ վերացուին”։