Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Հայաստան պէտք է հրաժարի զինուելու քաղաքականութենէն»

Նոյեմբեր 8-ին, 44-օրեայ պատերազմի յաղթանակին կապակցութեամբ իր յղած ուղերձին մէջ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է, թէ «Հայաստան պէտք է հրաժարի զինուելու քաղաքականութենէն, ատոր պէտք է վերջ տրուի եւ անոնք գիտեն, որ իմ ըսածները պէտք է լսեն, անոնք պէտք է հրաժարին ատկէ քանի տակաւին ուշ չէ»։

Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ բացուած «Յաղթանակի զբօսայգիին մէջ», 2024 Նոյեմբեր 8

“Մենք պատերազմ չենք ուզեր, մեր ուզածին հասած ենք․ ապահոված ենք մեր տարածքային ամբողջականութիւնն ու պետական ինքնիշխանութիւնը։ Տարածքային ամբողջականութիւնը կ՚ապահովուի սահմանի ամբողջ երկայնքին, տեղահանուածները կը վերադառնան իրենց նախնիներու հողերը։ Այժմ մենք ստեղծելու աշխատանքով զբաղած ենք, սա ամէնէն կարեւոր խնդիրն է”,– ընդգծած է Ալիեւ:

“Մենք ներկայիս պէտք է պատրաստ ըլլանք դիմադրելու որեւէ գրգռութեան։ 30-ամեայ բռնագրաւման պատմութիւնը անկարելի է ջնջել մեր յիշողութենէն։ Ով որ կ՚ուզէ դարձեալ փորձել մեր ուժը, կրկին կը պարտուի։ 44-օրեայ հայրենական պատերազմը, հակաահաբեկչական գործողութիւնը, մեր յաղթանակը ոչ միայն Հայաստանի պարտութիւնն է, այլեւ անոր թիկունք կանգնածներու դառն եւ նուաստացուցիչ պարտութիւնը”,– աւելցուցած է Պաքուի բռնապետը։

Էրտողան՝ Ալիեւին. «Այս յաղթանակը ներշնչումի աղբիւր դարձաւ ամբողջ թրքախօս աշխարհին համար» 

Ազերպայճանի՝ 44-օրեայ պատերազմի յաղթանակին առիթով Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան՝ Ալիեւին ուղղած իր պատգամին մէջ նշած է. «Ձեր գերագոյն հրամանատարութեամբ ձեռք ձգուած այս յաղթանակը հպարտութեան ու ներշնումի աղբիւր դարձաւ ոչ միայն Ազերպայճանի, այլեւ ամբողջ թրքախօս աշխարհին համար: Մենք նաեւ ուրախ ենք, որ այս տարի այս հին հողերուն վրայ, որոնց նկատմամբ ամբողջական վերահսկողութիւն հաստատեցիք անցեալ տարի Ղարաբաղի մէջ հակաահաբեկչական գործողութեան շնորհիւ, 30 տարի յետոյ առաջին անգամ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի ունեցան»։