Search
Close this search box.

Ալիեւ.– «Ղարաբաղի մէջ ապրող Հայերը ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ յատուկ արտօնութիւններ կ՚ունենան» 

Օգոստոս 12-ին, Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիև AzTV-ին տուած հարցազրոյցին ըսած է, որ այսօր Հայաստանի եւ Ազերպայճանի յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին մէջ Ղարաբաղեան հարց գոյութիւն չունի:

“Նման փորձեր եղած են, բայց ես երբեք համաձայն չեմ եղած։ Ի՞նչ կապ ունի Հայաստանը ատոր հետ։ Սա «մեր ներքին գործն է» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ)։ Այսօր բանակցութիւններու սեղանին որեւէ կարգավիճակի մասին խօսք չկայ։

Ղարաբաղ ապրող Հայերը պէտք է ճիշդ քայլ առնեն ու հասկնան, որ իրենց ապագան կախեալ է մի՛այն ազերպայճանական հասարակութեան մէջ մերուելէ։

Ղարաբաղ ապրող Հայերը պիտի չունենան ո՛չ կարգավիճակ, ո՛չ անկախութիւն, ո՛չ յատուկ արտօնութիւններ. անոնք Ազերպայճանի քաղաքացիներու նման են։ Ինչպէս որ պաշտպանուած են Ազերպայճանի քաղաքացիներու իրաւունքները, այնպէս ալ պաշտպանուած պիտի ըլլան անոնց իրաւունքները”,– ըսած է Ալիեւ։

Ուրիշ կերպ հնարաւոր չէ։ Մենք իրական կեանքի մէջ կ՚ապրինք։ Տնտեսական, աշխարհագրական, նաեւ պատմական ու միջազգային իրաւունքի տեսակէտէն Ղարաբաղը Ազերպայճանի անքակտելի մասն է”,– նշած է ան։

Անդրադառնալով Հայաստանի հետ յարաբերութիւններուն՝ ան աւելցուցած է.– “Մենք պէտք է խաղաղ բանակցութիւններ սկսինք Հայաստանի հետ: Տակաւին դրական պատասխան չենք ստացած, բայց կը յուսամ որ այդպէս կ՚ըլլայ։ Պէտք է ստեղծուի սահմանազատման յանձնաժողով: Անոնք կ՚առարկէին, բայց ի վերջոյ համաձայնեցան։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ը (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) պէտք է, բայց սկիզբը դէմ էին։ Հիմա մենք յառաջիկայ շաբաթներուն, անոնցմէ կը սպասենք «Զանգեզուրի միջանցք»-ի (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) երթուղիին։

«Պաքու կը պատրաստուի Ազերպայճանցիներով վերաբնակեցնել Լաչինն ու յարակից գիւղերը»

Նոյն հարցազրոյցին Ալիեւ յայտարարած է, թէ իրենք կը պատրաստուին Ազերպայճանցիներով վերաբնակեցնել Լաչինն ու յարակից գիւղերը: Ըստ անոր՝ արդէն կարգադրած է, որ տեղահանուածներու հարցերով զբաղող պետական կոմիտէն կապուի այդ շրջաններու երբեմնի բնակիչներուն հետ:

“Մենք պիտի վերադառնանք այդ բնակավայրերը”,– ըսած է ան։