Search
Close this search box.

Ալիեւ. «“Մեծ վերադարձ” ծրագիրը Պաքուի համար 2025-ին կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն»

 

Յունուար 2-ին, Ազերպայճանի նախագահը յայտարարած է, թէ «2021 թուականէն ցայսօր իր երկիրը աւելի քան 19 միլիառ մանաթ (շուրջ 10 միլիառ տոլար) յատկացուցած է Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնման համար», շեշտելով, որ «Մեծ վերադարձ» ծրագիրը Պաքուի համար 2025-ին կը շարունակէ մնալ առաջնահերթութիւն։

Ան նշած է, թէ 2025-ի պետական ամավարկով նախատեսուած է 4 միլիառ մանաթ յատկացնել՝ «բռնագրաւումէն ազատագրուած հողերու վերականգնման համար»։

«Ղարաբաղի եւ Արեւելեան Զանգեզուրի վերականգնումը հոյակապ եղանակով կ՚ընթանայ։ Շուտով այդ շրջանները կը դառնան ամէնէն ժամանակակից, յարմարաւէտ եւ գեղեցիկ վայրերէն մէկը ոչ միայն Ազերպայճանի, այլեւ Կովկասի եւ ամբողջ աշխարհի տարածքին»,– եզրափակած է ան։