Search
Close this search box.

Ալիեւ. «Մենք պիտի վերադառնանք Զանգեզուր, բայց ոչ թէ հրասայլերով…»

Հոկտեմբեր 17-ին, Ֆիզուլի (Վարանդա) քաղաքին մէջ վերահաստատուած քաղաքացիներու եւ շրջանի հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպումին Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յայտարարած է. “Մենք պիտի վերադառնանք Զանգեզուր, բայց ոչ թէ հրասայլերով, այլ քաղաքացիական կառքերով”։

Ան աւելցուցած է. “Մենք չենք յաւակնիր այլ երկիրներու տարածքներուն։ Երբ ես խօսեցայ Զանգեզուրի մասին, փորձեցին զիս մեղադրել։ Բայց մենք հոն պիտի վերադառնանք ոչ թէ հրասայլերով…”,– ըսած է ան։

նշենք, թէ նախապէս ալ Ալիեւ յայտարարած էր «իր նախնիներու հայրենիք» Երեւան վերադառնալու մասին…։