Search
Close this search box.

Ալիեւ նախազգուշացուցած է Հայաստանը՝ «վերջ տալու վտանգաւոր խաղերուն»

Հոկտեմբեր 4-ին, բռնագրաւուած Արցախի տարածքներ այցելութեան ընթացքին, Ալիեւ նախազգուշացուցած է Հայաստանը՝ «վերջ տալու վտանգաւոր խաղերուն»։

“Մէկ կողմէ կը խօսին խաղաղութեան մասին, կը ստեն, միւս կողմէ՝ լայնածաւալ սպառազինութիւն ձեռք կը բերեն: Ո՞վ անոնց զէնք կու տայ. Ֆրանսա եւ այլ հակաազերպայճանական երկիրներ…, որոնք այսօր պէտք է հանգիստ ձգեն Հարաւային Կովկասը, յանձնուին, երթան եւ զբաղին իրենց գործերով, խնդիրներով…, սա իմ նախազգուշացումն է”,– ըսած է ան:

“Հայաստան ներքաշուած է վտանգաւոր խաղերու մէջ։ Թող անոնք չմոռնան Ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի պատմութիւնը։ Թող չմոռնան, թէ ինչպէ՛ս ծնրադիր ողորմութիւն կ՚աղաչէին մեզմէ, թէ ինչպէ՛ս օրական տասն անգամ ամէնէն բարձր մակարդակով կը դիմէին Ռուսաստանին՝ խնդրելով դադրեցնել պատերազմը։ Թող չմոռնան հակաահաբեկչական գործողութեան մասին։ Թող չմոռնան, որ նոյնիսկ  աշխարհագրական այդ պայմաններու տակ մենք կրցանք հասնիլ մեր ուզածին։ Մենք արմատախիլ ըրինք անջատողականութիւնը ընդամէնը քանի ժամի ընթացքին՝ անկախ ամէն ինչէն”,– յոխորտացած է Պաքուի բռնապետը։

Հայաստանի ԱԳ նախարարութեան անդրադարձը՝ Ալիեւի յայտարարութիւններուն

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Անի Բադալեան անդրադառնալով Ալիեւի վերոնշեալ յայտարարութիւններուն յատկապէս նշած է.

– Երեւան արդէն բազմիցս եւ ամենաբարձր մակարդակով յայտարարած է, որ իր դրացիներու նկատմամբ յարձակողապաշտ մտադրութիւններ եւ տարածքային պահանջներ չունի, կը ճանչնայ անոնց տարածքային ամբողջականութիւնը։

– Հայաստան յայտարարած է, թէ հակառակ անոր որ իր որոշ տարածքները գրաւուած են, այդ տարածքները ռազմական ճանապարհով վերադարձնելու խնդիր եւ օրակարգ չունի։

– Ինչ կը վերաբերի սպառազինութիւններուն, ապա ՄԱԿ-ի կանոնադրութիւնը իւրաքանչիւր պետութեան կը վերապահէ ինքնապաշտպանութեան իրաւունքը։

– Ազերպայճանի վերջին շրջանի յայտարարութիւնները շարք մը հարցեր կ՚առաջացնեն, օրինակ՝ արդեօք այդ երկիրը կը պատրաստուի՞ COP29-ի համաժողովը օգտագործելու իբրեւ ծխածածկոյթ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ նոր ռազմական յարձակում ծաւալելու եւ անոր քաղաքական պատասխանատւութիւնը COP-29-ին մասնակցելու նպատակով Պաքու մեկնած օտար երկիրներու առաջնորդներուն միջեւ բաշխելու համար: Արդեօք Ազերպայճան կը հրաժարի՞ խաղաղութեան օրակարգէն։

Կը կարծենք, որ յարձակողական հռետորաբանութեան փոխարէն պէտք է կեդրոնանանք խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրելու հարցը շուտափոյթ լուծելու եւ միւս հարցերուն շուրջ ոչ միայն տէ ֆաքթօ, այլեւ տէ եուրէ խաղաղութեան պայմաններու տակ բանակցելու վրայ: