Ազերպայճանի մէջ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Քեւին Համիլթըն իր հաւատարմագրերը կը յանձնէ Ալիեւին
Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ՝ ի պատասխան Գանատայի նորանշանակ դեսպանի՝ վերադարձի իրաւունքի վերաբերեալ մեկնաբանութեան (նկատի ունի ցեղային զտման ենթարկուած արցախցիներու վերադարձը – «ՆՅ»), յայտարարած է, թէ «վերադարձի իրաւունքը պէտք է ապահովուի փոխադարձաբար, նոյնպէս՝ Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնքի ներկայացուցիչներուն համար»։ Լուրը կը հաղորդէ ազերպայճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը։
Ալիեւ պնդած է, որ իբրեւ թէ անցեալ դարուն «բնիկ ազերպայճանական բնակչութիւնը տարբեր փուլերով, վերջինը՝ 1988-ին, ենթարկուած է ցեղային զտման՝ Հայաստանի տարածքին, իսկ անոր նիւթական եւ մշակութային ժառանգութիւնը ամբողջութեամբ ոչնչացուած է»։
Ինչպէս ծանօթ է, Ազերպայճան 2020-ի արցախեան պատերազմէն յետոյ շրջանառութեան մէջ դրած է նախապէս Հայաստան բնակած ազերպայճանցիները միաւորող, այսպէս կոչուած, «Արեւմտեան Ազերպայճանի համայնք»-ի եւ անոր ներկայացուցիչներուն՝ Հայաստան վերադառնալու «իրաւունքի» թեզը:
Մինչ Հայաստան խաղաղութեան պայմանագիրը մէկ ամսուան մէջ ամբողջացնելու ու ստորագրելու պատրաստակամութիւն յայտնած է, Ազերպայճանի նախագահը հայ-ազերպայճանական համաձայնութեան նոր ձեւաչափ կ՚առաջարկէ՝ «հիմնական սկզբունքներու նախաստորագրութիւն», բայց դարձեալ Հայաստանի Սահմանադրութիւնը փոխելու պայմանաւ։
Ան Յուլիս 1-ին Գանատայի դեսպանին հետ հանդիպումին մասնաւորապէս նշած է. «Խաղաղութեան պայմանագրի բնագրին կամ նուազագոյնը անոր հիմնական սկզբունքներուն վրայ աշխատանքը կարելի կ՚ըլլայ աւարտել քանի մը ամսուան ընթացքին։ Կը կարծեմ՝ այդ կրնայ հնարաւոր տարբերակներէն մէկը ըլլալ՝ հասնելու հիմնական սկզբունքներու շուրջ համաձայնութեան, նախաստորագրել զանոնք, այնուհետեւ աշխատիլ բնագրին վրայ»։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։