Search
Close this search box.

Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան դպրոցի աշակերտները այցելած են Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին

Յունիս 10-ին Գարեգին ԲԱմենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Ալֆորվիլի Սուրբ Մեսրոպ-Արապեան հայկական դպրոցի շուրջ 40 աշակերտները:

Դպրոցի տնօրէնուհի տիկին Նորա Թաշճեան, հայցելով Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի օրհնութիւնը, տեղեկութիւններ հաղորդած է դպրոցի ստեղծման պատմութեան, իրականացուող ծրագրերուն եւ եկեղեցի-դպրոց գործակցութեան մասին:

Վեհափառ հայրապետը, ողջունելով աշակերտները, գոհունակութեամբ նշած է, որ գեղեցիկ աւանդութիւն դարձած է Ֆրանսայի մէջ գործող հայկական վարժարաններու աշակերտութեան այցելութիւնը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:  

Գարեգին Բ. յորդորած է աշակերտները՝ Հայաստանի տպաւորութիւններով կերտուած տեսիլքով շարունակել ուսումնառութիւնը եւ իրենց նպաստը բերել հայրենիքի հզօրացման եւ շէնացման: 

Հայոց հայրապետը նաեւ իր գնահատանքը յայտնած է դպրոցի տնօրէնութեան, ուսուցչական անձնակազմին եւ հոգաբարձուներուն՝ Հայաստան եւ Մայր Աթոռ այցելութիւններ կազմակերպելնուն համար` մաղթելով արգասաբեր եւ բարի տեսլականներու իրականացում:

Իրենց կարգին աշակերտները երաժշտական կատարումներով հաճելի անականկալ մատուցած են Վեհափառ հայրապետին:

Աւարտին Գարեգին Բ. «Պահպանիչ»-ով օրհնած է դպրոցի աշակերտները՝ անոնց ընծայելով սրբապատկերներ եւ խաչեր: