Ալֆորվիլի «Սուրբ Մեսրոպ – Արապեան» վարժարանի աշակերտները մեկնեցան Հայաստան։
Տարիներէ ի վեր արդէն աւանդութեան վերածուած ու վարժարանի կրթական ծրագրին մէջ ընդգրկուած այս ճամբորդութիւնը մեծ խանդավառութեամբ եւ անհամբերութեամբ կը սպասուի մեր աշակերտներուն կողմէ։
Ծրագիրը կը հովանաւորուի դպրոցիս խնամակալութեան եւ անհատ նուիրատուներու կողմէ։
Աշակերտներուն կ՚ընկերակցէին հայ լեզուի եւ մշակոյթի տնօրէն՝ Նորա Սարաֆեան Թաշճեան, երգի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհին՝ Սոնա Գրիգորեան եւ խնամակալութեան անդամներէն՝ Մարգարիտ Աքքար եւ Ռաֆֆի Աբրահամեան։
Այս նախաձեռնութիւնը լաւագոյն առիթն է մօտէն սեփական աչքերով տեսնելու այն բոլոր վայրերը, որոնց մասին լսած, խօսած կամ կարդացած են աշակերտները։
24 աշակերտներէ բաղկացած խումբը, ամէն տարուան նման այս տարի եւս՝ նախապէս բծախնդրօրէն պատրաստուած ծրագրի մը հիման վրայ, առիթը ունեցաւ այցելելու Հայաստանի տարբեր մարզերուն մէջ գտնուող պատմամշակութային վայրեր, թանգարաններ, բնական միջավայրեր, առանց մոռնալու ժամանցի եւ հաճոյքի համար նախատեսուած պահերը։
Երեխաները ոգեւորութեամբ երգեցին իրենց այցելավայրերու պատմութիւնը յուշող երգեր։
Արդէն երկու տարիէ ի վեր վերոյիշեալ պտոյտներուն աւելցած են Ծաղկաձորի ճոպանուղիի խաղերուն մասնակցութիւնը եւ Գիւմրիի մէջ գործող խաչքարերու պատրաստութեան արհեստանոցի այցելութիւնը, որուն ընթացքին երեխաները կը ծանօթանան խաչքարագործին աշխատանքին եւ իրենք ալ իրենց կարգին կը ստեղծեն իրենց մտայղացած քանդակը տուֆի վրայ։
Այս տարի աշակերտները առիթը ունեցան մասնակցելու «լաւաշ» թխելու արարողակարգին եւ ծանօթանալու գորգագործութեան արուեստին։
Այս բոլորին վրայ եթէ աւելցնենք ընկերային առողջ մթնոլորտը, որ մեր երեխաները այդ եօթը օրերուն ընթացքին ապրեցան միասնաբար, կրնանք հաստատել՝ թէ անոնք դաստիարակչականի կողքին ընկերային հարուստ փորձառութիւններով յագեցած վերադարձան տուն՝ իրենց հետ բերելով անմոռանալի յիշատակներ եւ անջնջելի տպաւորութիւններ։
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
ԱԼՖՈՐՎԻԼԻ «ՍՈՒՐԲ ՄԵՍՐՈՊ – ԱՐԱՊԵԱՆ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։