Search
Close this search box.

ԱԼՖՈՐՎԻԼ – Արմէն՚Լիվր՝ գիրքի 17-րդ տօնավաճառը

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 24-ին, Ալֆորվիլի «Մշակութային բեւեռ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ մշակոյթի տան Արմէն՚Լիվր գիրքի տարեկան տօնավաճառին բացումը, համաճարակով պայմանաւորուած երկամեայ դադարէ մը ետք։

Արմէն՚Լիվրը Ֆրանսահայութեան՝ գիրքի մեծագոյն տօնավաճառն է, որ արդէն 17 տարուան կեանք ունի։ Ինչպէս Մշակոյթի տան տնօրէնուհին Արաքս Տէր Գէորգեանն ալ յիշեցուց՝ Արմէն՚Լիվրի այս նախաձեռնութիւնը տիպար նախաքայլ էր, որ Ֆրանսայի տարածքին բազմաթիւ նմանօրինակ գիրքի վաճառքներ հաստատուին այլ քաղաքներու մէջ եւս հայ մշակոյթի տուներուն կողմէ, Նոր տարուան եւ Ս. Ծննդեան շրջանին, քաջալերելով որ հայ ընտանիքները Նոր տարուան առթիւ գիրք նուիրեն։

Բացման արարողութեան ներկայ էին Ալֆորվիլի քաղաքապետը՝ Լուք Գարվունաս, քաղաքապետարանի աւագանին, Հայաստանի դեսպանատան ներկայացուցիչը, Ֆրանսայի  Թեմակալ առաջնորդը՝ Հայր Գրիգոր Խաչատրեան, CCAF-ի համանախագահ Մուրատ Փափազեան, համայնքային բազմաթիւ այլ ղեկավարներ եւ հրաւիրեալներ։ Մշակոյթի տան նախագահ Ֆիլիփ Պառաւեանի ողջոյնի խօսքէն ետք, տնօրէնուհին ներկայացուց այս տարուան երեք օրերու երկայնքին նախատեսուած ծրագրերը։ Տօնավաճառի  պատուոյ հիւրն է պատմաբան Արմէն Մութաֆեան, որ անցեալ Սեպտեմբերին լոյս ընծայեց իր վերջին՝ «Երուսաղէմը եւ Հայերը» գեղատիպ հատորը։  Ցուցադրուեցաւ Երուսաղէմի «Եդուարդ եւ Հելեն Մարտիկեան» թանգարանի բացման մասին վաւերական կարճ ժապաւէն մը։

Արմէն՚Լիվրի այս տարուան տօնավաճառին, որ պիտի տեւէր մինչեւ Նոյեմբեր 27, հանրութեան կը հրամցուէր 1200 անուն գիրք, նախատեսուած էին մանկավարժական եւ գեղարուեստական աշխատանոցներ, գիրքերու հեղինակներու հետ հանդիպումներ։

Քաղաքապետ Գարվունաս իր խօսքին մէջ յիշեց, որ քաղաքապետարանը պատրաստ է հողամաս տրամադրելու Հայ մշակոյթի տան նոր շէնքի  կառուցման համար։ Իսկ Ֆրանսայի Թեմի առաջնորդը կոչ ըրաւ կամաւորներու, որ միանան Թեմին, թափ տալու համար հրատարակչական աշխատանքին։

Թ.Շ.