Յունուար 6-ին, Սուրբծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տօնին առիթով Ալֆորվիլի Ս. Պօղոս – Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած է պատարագ եւ կատարուած Ջրօրհնէքի արարողութիւն, ձեռամբ՝ Ֆրանսահայ թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպիսկոպոս Խաչատրեանի։
Եկեղեցական արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Արման Խաչատրեան, դեսպանութեան անձնակազմը, Ալֆորվիլի քաղաքային խորհուրդի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։