Search
Close this search box.

Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը

Սեպտեմբեր 10-ին, Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է մեծաթիւ ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։ Եկեղեցական արարողութիւններուն նախագահած է Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան։ 

Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք, Թուրքիոյ կառավարութիւնը երկար ատեն մերժած էր խաչ տեղադրել եկեղեցւոյ գմբէթին վրայ, բայց ի վերջոյ տեղի տուած է, աշխարհասփիւռ Հայութեան բողոքի ցոյցերուն պատճառով։ Հակառակ անոր, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցին սկսած է բանիլ իբրեւ թանգարան, սակայն թրքական իշխանութիւնները արտօնած են տարին անգամ մը հոն պատարագ մատուցել։ 

Այս տարի թրքական յատուկ ծառայութիւնները ապահովութեան աննախադէպ միջոցներու ձեռնարկած են, կանխելու համար անախորժութիւնները՝ տեղաբնակ ծայրայեղական Թուրքերու եւ Ազերպայճանցիներու կողմէ։ Պատարագի ընթացքին ոստիկանութեան ուղղաթիռը անդադար դարձած է կղզիին վրայ։

Բարեբախտաբար, միջադէպ չէ արձանագրուած եւ արարողութիւնը ընթացած է բնականոն հունով, որուն, ի դէպ, մասնակցած են ոչ միայն Հայեր, այլեւ տարբեր երկիրներէ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ տեղաբնակ Քիւրտեր ու Թուրքեր: 

Պատարագի ընթացքին Պատրիարք հայրը հաղորդած է օրուան պատգամը եւ ուխտաւորները ստացած են Ս. Հաղորդութիւն։ Այնուհետեւ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է , որու ընթացքին վերյիշուած են Ախթամարի երբեմնի կաթողիկոսութեան վախճանեալ սպասաւորները եւ գահակալած ամենայն Հայոց կաթողիկոսները։

Եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Պատրիարք հայրը «Արմէնփրէս»-ի հետ հարցազրոյցին մասնաւորապէս նշած է.

“Մեզի համար մեծ առաւելութիւն եւ մենաշնորհ է Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցելը։ Սա հազար հարիւր տարուան պատմութիւն ունեցող հոգեւոր եւ մշակութային արժէք մըն է։ … Ս. Խաչը ամբողջ Արեւելեան Անատոլուի (Արեւմտեան Հայաստանի – խմբ.) մէջ միակ եկեղեցին է, որու գմբէթին վրայ խաչ կայ, հետեւաբար ան ինքնին մեծ վկայութիւն մըն է”։ 

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ի՞նչ քայլերու կը ձեռնարկուին, որ Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ մէջ յաճախ պատարագ մատուցուի, Սահակ արք. նշած է, թէ Վանի եւ շրջակայ բնակավայրերու մէջ քրիստոնեայ Հայերուն թիւը շատ չէ: Բաց աստի, եկեղեցին ունի թանգարանի կարգավիճակ, հետեւաբար կը գտնուի նաեւ միջազգային կառոյցներու յատուկ հոգածութեան ներքոյ եւ չ՚ընկալուիր կանոնաւոր գործող տաճար:

Խօսելով Թուրքիոյ տարածքին գտնուող բազմաթիւ լքուած ու կիսաքանդ հայկական եկեղեցիներու մասին՝ Պատրիարք հայրը ընդգծած է, որ Պոլսոյ պատրիարքարանը այդ շինութիւնները իր հովանիին տակ առնելու իրաւունք չունի, իսկ կառավարութիւնը, եթէ միջոցներ ունի, որոշ վերանորոգման գործողութիւններ կը կատարէ: Ան պնդած է, թէ հին եկեղեցիներու վերանորոգումը աւելի սուղ կ՚արժէ, քան նոր վանքերու կառուցումը, հետեւաբար այդ հարցին մէջ անհրաժեշտ են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միատեղ ջանքերը:

Հուսկ՝ Պատրիարք հայրը եւ հոգեւորականները համախմբուած են Վանայ լիճի ափին սիրոյ սեղանի մը շուրջ, եւ նոյն օրը երեկոյեան վերադարձած Պոլիս։ ■