ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Կառավարութեան Մայիս 19-ի նիստէն յետոյ լրագրողներուն յայտարարած է, թէ ՀՀ վարչապետին մասին կեղծ լուրերու տարափը վերջին շրջանին ահագնացած է նաեւ միջազգային մակարդակի վրայ։ Ան, շարունակելով բացատրած է, թէ բնականաբար կեղծ է նաեւ շրջող այն տեղեկութիւնը ըստ որու՝ իբրեւ թէ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Մոսկուա իր վերջին այցի շրջանակին մէջ ՀԱՊԿ-ի առաջնորդներէն աջակցութիւն խնդրած է Հայաստանի մէջ ընթացող ընդդիմութեան ցոյցերուն, անհնազանդութեան գործողութիւններուն կապակցութեամբ եւ յատկապէս Փութինի կոպիտ մերժումին «արժանացած» է:
Ըստ Գրիգորեան՝ վարչապետ Փաշինեան Հայաստանի ներքաղաքական բոլոր հարցերուն մէջ կ՚ապաւինի հայ ժողովուրդի կամքին: “Նոյնիսկ նոյեմբերի 9-ից յետոյ ստեղծուած լուրջ ճգնաժամի ժամանակ նա ապաւինել է միայն ժողովրդի կամքին, եւ ճգնաժամին լուծումը տեսել է ներքաղաքական ինստիտուցիոնալ կարողութիւնների շրջանակում”,– ըսած է Գրիգորեան ու աւելցուցած, որ ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի ցոյցերը չեն ստացած հանրութեան աջակցութիւնը:
“Ցոյցերի կազմակերպիչներն աւելի քան մէկ ամիս իրացնում են բողոքի ցոյցեր անցկացնելու իրենց իրաւունքը, իսկ օրէնքի եւ օրինականութեան շրջանակներում դրանց անցկացման վերահսկողութիւնն իրականացնում է ՀՀ ոստիկանութիւնը: Ակնյայտ է, որ ընդդիմութեան կազմակերպած բողոքի ակցիաները չեն ստացել հանրութեան աջակցութիւնը: Բնականաբար, բողոքի ակցիաների հանգուցալուծումը մենք բացառապէս տեսնում ենք Հայաստանի ներքաղաքական ինստիտուցիոնալ միջոցներով”,– ըսած է Գրիգորեան:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։