Մարտ 6-ին, լրագրողներու հետ ասուլիսին, Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի (ԱԽ) քարտուղար Արմէն Գրիգորեան՝ անդրադառնալով Ռուսաստանի սահմանապահները «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանէն դուրս բերելու դիտարկումին, ըսած է, թէ «Զուարթնոց» օդակայանի ծառայութիւնը ամբողջութեամբ պիտի իրականացնեն Հայաստանի սահմանապահ զօրքերը։
“Հայաստան այս հարցին կապակցութեամբ յստակ կեցուածք ունի եւ այդ յստակ կեցուածքի մասին Ռուսաստանը տեղեակ պահած է պաշտօնական նամակով”,– նշած է ան։
Հարցումին՝ թէ ինչո՞ւ այս պարագան անհրաժեշտ դարձաւ, Գրիգորեան պատասխանած է, թէ սա պահուս Հայաստան ամբողջական կարողութիւնը ունի օդակայանին մէջ վերահսկողութիւն կատարելու։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։