«Գանձասար»-ի Դիմագիրքի էջէն կը տեղեկանանք, որ Յունիս 15-ի երեկոյեան ահաբեկչական խմբաւորումներ հիւսիսային գիւղերէն երկու հրթիռ արձակած են Լաթաքիոյ նահանգի Քեսապ աւանին վրայ: Արձանագրուած են նիւթական աննկատ վնասներ:
«Գանձասար»-ի թղթակիցը կը հաղորդէ, որ նոյն ժամերուն Քեսապի հրապարակին կեդրոնը տեղի կ՚ունենար պետական ձեռնարկ մը: Երկու հրթիռները ինկած են լեռան մը վրայ, առանց նկատառելի վնաս պատճառելու:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։