Search
Close this search box.

ԱՀ ԱԳ նախարարը իր աշխատութեան շնորհահանդէսին. “Ի՞նչ է Արցախը եւ ի՞նչ է Ղարաբաղը. ես համոզուած եմ, որ հասարակութեան գերակշիռ մասը դրանք չի տարբերակում”

Յունիս 20-ին, Հայաստանի՝ Արցախի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ տեղի ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հեղինակած «Արցախի հիմնախնդիրը եւ Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութիւնը» հատորին շնորհահանդէսը:

Հեղինակը նշած է, թէ աշխատութիւնը կը պարունակէ Արցախի մասին փաստեր եւ խորհուրդներ՝ առանցքային գաղափարներու եւ բանալի հասկացութիւններու վերաբերեալ: Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ իր գործառոյթներուն հետ միատեղ աշխատած է նաեւ այս գործին վրայ:

“Սա տեղեկատու, կամ հանգրագիտարանատիպ մի աշխատութիւն է, որն օգտակար կը լինի քաղաքական, հասարակական, լրասփիւռների ներկայացուցիչների եւ գիտակրթական շրջանակների համար: Ներկայացուած են տարբեր գործընթացներ, փաստեր: Աշխատութիւնը բաղկացած է մի քանի մասից: Առաջին մասը պատմական հասկացութիւնն է: Օրինակ, թէ ի՞նչ է Արցախը եւ ի՞նչ է Ղարաբաղը: Ես համոզուած եմ, որ հասարակութեան գերակշիռ մասը դրանք չի տարբերակում: Դրա համար մենք փորձել ենք ներկայացնել այս ամէնը, որ եթէ մարդ պատմաբան չի, գոնէ այս տարբերակով պիտի կարողանայ ճիշդ եւ հաւաստի տեղեկութիւն ստանալ”,– յայտնած է Բաբայեան:

Հատորը գունաւոր է եւ ունի քարտէսներ։ Այնտեղ կը գտնենք պատմական Արցախը, Ղարաբաղ հասկացութեան մասին տեղեկութիւն, Լեռնային եւ Դաշտային Ղարաբաղներու տեղն ու դերը Հայոց պատմութեան եւ մեր դիւանագիտութեան պատմութեան մէջ: Արդարեւ, Արցախը մեծ եւ վճռորոշ դեր ունեցած է Հայոց պատմութեան եւ դիւանագիտական պատմութեան մէջ:

“Ներկայացուած են մի շարք կարեւոր հասկացութիւններ, որոնք ամենաշատն են շահարկւում յատկապէս Ադրբեջանի կողմից: Խօսում ենք Խոջալուի մասին: Պէտք է նշեմ, որ Արցախը միակ երկիրն է աշխարհում, որը չունի սահմաններ: Մեր սահմանները վերածուել են շփման գծի: Աշխատութեան մէջ կարճ ներկայացուած է այն, ինչը պէտք է իմանալ, եւ թէ ինչպէս պէտք է պայքարել ադրբեջանական «փաստարկների» դէմ եւ մեր ազգային շահերից ելնելով մեր քաղաքականութիւնը վարել”,– ըսած է հեղինակը:

Անդրադառնալով հատորին երկրորդ մասին՝ ան նշած է, թէ հոն ներկայացուած են նաեւ մարդասիրական երեւոյթներ՝ գաղթականներ, գերիներ եւ այլն: Ներկայացուած է ազերպայճանական կողմի ուժային փորձերը տարբեր ժամանակաշրջաններուն՝ սկսեալ 1918-էն մինչեւ 2020 թուականի վերջին պատերազմը, ահաբեկիչներու ներգրաւումը եւ անշուշտ, մշակութային ցեղասպանութիւնը: Այսինքն, այն բոլոր գաղափարները, որոնց մասին մենք տեւաբար կը խօսինք:

Արտաքին գործոց նախարարը գիրքին երրորդ բաժնին անդրադառնալով, յայտնած է թէ՝ հոն տեղ գտած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առանցքային հասկացութիւնը. ի՞նչ է ընդհանրապէս մեր արտաքին քաղաքական փիլիսոփայութիւնը, միջազգային ճանաչման գործընթացը, ռազմաքաղաքական ներուժը,  Արցախի Հանրապետութիւնը ճանչցած երկիրները:

“Այս աշխատութիւնն ընդհանրական փոքրիկ հանրագիտարան է բոլոր կարեւոր առանցքային գաղափարների եւ հասկացութիւնների վերաբերեալ: Մենք այժմ սկսած ենք ռուսերէն թարգմանութիւնը, քանի որ պահանջը կայ: Ամենայն հաւանականութեամբ՝ կը թարգմանենք նաեւ անգլերէն: Նպատակ ունենք տպագրել երկու թարգմանութիւններն էլ”,– եզրափակած է Դաւիթ Բաբայեան:

Շնորհահանդէսին մասնակցած են ՀՀ-ի մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Սերգէյ Ղազարեան, պաշտօնատար այլ անձինք։