Search
Close this search box.

«ԱՂԹԱՄԱՐ», արեւմտահայերէն առաջին պարբերաթերթը, որ լոյս կը տեսնէ Երեւանի մէջ, դասական ուղղագրութեամբ

Գրեց՝ Դոկտ. Հիլտա ԳԱԼՖԱՅԵԱՆ-ՓԱՆՈՍԵԱՆ

 

Անհաւատալի, բայց՝ իրաւ: 

Պէյրութի մէջ 18 տարիէ ի վեր անխափան հրատարակուող «ԾԱՂԻԿ» շաբաթաթերթը, իր հիմնադիր եւ խմբագիր Յակոբ Տիւնեայեանի հետ ներկայիս ներգաղթած է Հայաստան: Այսուհետեւ պիտի հրատարակուի Երեւանի մէջ, «ԱՂԹԱՄԱՐ» անունով, որպէս գրական, մշակութային, հասարակական եւ քաղաքական օրաթերթ (*), արեւմտահայերէնով եւ մես-րոպեան դասական ուղղագրութեամբ: 

Ըստ պրն Տիւնեայեանի հաւաստումին՝ «Սփիւռքէն Հայրենիք եւ Հայրենիքէն Սփիւռք ոսկի կամուրջ մը հանդիսանալու տեսլականն իր մէջ անշէջ պահելով՝ “ԱՂԹԱՄԱՐ”-ը պիտի նուիրուի մասնաւորապէս արեմտահայ գրականութեան եւ մշակոյթի հուրը բորբոք պահելու աշխատանքին՝ իր մէջ կրելով Հայոց ցեղասպանութեան ցաւը, Արեւմտահայաստանի երազը, լեռներ շարժող հաւատքով վառ պահելով Թէքէեանի, Չօպանեանի, Վարուժանի, Սիամանթոյի, Յակոբ Օշականի, Օտեանի, Ռուբէն Սեւակի, Գերսամ Ահարոնեանի անժամանցելի Դատը, ի խնդիր մեր Մեծ Երազին»։ 

Պրն Տիւնեայեան իր խմբագրականին մէջ կը գրէ.- «Ռազմաշունչ շեփորներ հնչեցնող խառն ժամանակներ կ՚ապրինք: Հիմա, բոլոր ժամանակներէ աւելի, բովանդակ հայութիւնը “վերակապուող կեանքի ամուր շղթային պինդ օղակը ըլլալու” խիստ կարիքն ունի։ Պետականաշինութեան, հայրենակերտման գործը հայ մեծերուն մեզի կտակած իմաստութեան դպրոցէն կը սկսի։ Ու “ԱՂԹԱՄԱՐ”, այսօր կանչուած է ըլլալու համեստ առաքեալներէն մէկը այդ դպրոցին, ըլլալու կողքին մեր պետութեան, մեր ժողովուրդին, վկայելու Մեծ ցաւէն անցած ճանապարհը, բայց ուղղուելու դէպի գալիքը լուսաւոր»։ 

Ծանր պարտաւորութիւն կը ստանձնէ «ԱՂԹԱՄԱՐ», Հայոց պետականաշինութեան նպաստելու կոչուած իր այս միասնութեան ոսկի կամուրջի դերով, մանաւանդ որ այդ դերը պիտի կատարէ արեւմտահայերէնով, որուն նրբութիւններուն եւ ուղղագրութեան օտարացած է Հայաստանի ժողովուրդը հարիւրամեակէ մը ի վեր: 

Տարիներ է շարունակուող Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական տագնապը եւ ընկերային խառնակութիւնները անկումային վիճակի հասցուցած են Լիբանանը, որուն արդիւնքն է, հաւանաբար, «ԾԱՂԻԿ»-ի ներգաղթը Հայաստան: Ամէն պարագայի, ողջամիտ որոշում է ներգաղթել հայրենիք, քան թէ արտագաղթել որեւէ օտար երկիր: 

«ԱՂԹԱՄԱՐ»-ի առաջին երեք թիւերը լոյս տեսած են արդէն, իւրաքանչիւրը՝ 12 էջ, գունաւոր գեղեցիկ տպագրութեամբ եւ էջադրութեամբ: Տեսքով՝ յար եւ նման «ԾԱՂԻԿ»-ին: 

Մարտ 23-ի առաջին թիւին նիւթերն էին՝ Կոստան Զարեան՝ արեւմտահայերէնը, Յովհ. Թումանեանի մահուան 99-ամեակը, Սայեաթ-Նովա, Գուսան Շերամ՝ 165 տարեկան, Հայկաշէն Ուզունեան, Եաշար Քեմալ եւ Ախթամարի Ս. Խաչ եկեղեցիի փրկութիւնը, «Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեան Կրթաթոշակ», Հրանդ Մաթեւոսեան եւ Ռոպէր Հատտէճեան: Իսկ Ապրիլ 20-ի երկրորդ թիւին նիւթերն են՝ Մեծ Եղեռնի 107-ամեակ – Դանիէլ Վարուժան՝ Լոյսի եւ պայքարի անվկանդ երգիչը, Մուհամմէտ Ալի Ճամալզատէ. Ականատեսի վկայութիւններս 1915-ի հայկական կոտորածներէն, Սիմոն Սիմոնեան՝ Աթաթիւրքի աղջիկը, «ԱՂԹԱՄԱՐ»-ի յատուկ հարցազրոյցը Լիբանանի պետական երեսփոխան զօր. Ժան Թալուզեանի հետ, Հայաստանի նորընտիր նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի հետ, ինչպէս նաեւ յայտարարութիւն մը՝ «ԱՂԹԱՄԱՐ»-ի նախաձեռնութեամբ եւ պետական մակարդակով կազմակերպելու Արշակ Չօպանեանի ծննդեան 150-ամեակի հանդիսութիւնները:

Մեզի ծանօթ են պրն Յակոբ Տիւնեայեանի գրական-կազմակերպչական կարողութիւնները, «ԾԱՂԻԿ»-ի 18-ամեայ կենսագրութիւնը վկայ: Սակայն այս մէկը կը գերազանցէ իր մինչ այդ կատարած գործերը: Արդարեւ, Սփիւռքահայերուս համար անկարելի երազի մը իրականացումն է Հայաստանի մէջ հրատարակութիւնը՝ արեւմտահայերէնով եւ դասական ուղղագրութեամբ լոյս տեսնող թերթի մը, որ ամէնօրեայ ներկայութիւն պիտի դառնայ, պիտի «բնակի» Հայաստանի մէջ, մշտական հաղորդակցութեան մէջ պիտի դնէ ժողովուրդը արեւմտահայերէնի հետ, լեզուին համն ու քաղցրութիւնը պիտի զգացնէ, արեւմտահայ հարուստ գրականութեամբ պիտի ճոխացնէ հայ գրականութեան անդաստանը, լեզուին ճկունութիւնը, հարստութիւնն ու ճշգրտութիւնը պիտի փոխանցէ: Հայաստանահայերը պիտի տեսնեն նաեւ, թէ բնաւ դժուար չէ արեւմտահայ լեզուի ընթերցանութիւնը՝ դասական ուղղագրութեամբ: Այս գետնի վրայ կարծրատիպերը պիտի անհետանան:

Այս բոլորը՝ եթէ «ԱՂԹԱՄԱՐ» յաջողի շարունակել իր երթը յառաջիկայ ամիսներու եւ տարիներու ընթացքին, որուն համար պետութեան աջակցութիւնը անհրաժեշտ է: Արդ, ուրախառիթ է տեսնել թէ Հայաստանի նորընտիր նախագահ պրն Վահագն Խաչատուրեան աներկբայ ընդունած է հովանաւորել արեւմտահայ գրականութիւնը միջազգային հանրութեան ծանօթացուցած Արշակ Չօպանեանի 150-ամեակի հանդիսութիւնները եւ կողմնակից կը թուի ըլլալ արեւմտահայերէնով լոյս ընծայելի թերթի մը գոյութեան: Ինչ որ շատ գովելի է եւ յուսադրիչ:

Արդեօք պրն Նախագահի այս անմիջական կեցուածքին մէջ իրենց նպաստաւոր դերը ունեցա՞ծ են արեւմտահայերէնի վերապատրաստման դասընթացքներու մեր քսանամեայ ջանքերը: Արդարեւ, Երեւանի Մանկավարժական համալսարանի մէկ ճիւղը եղող Սփիւռք կեդրոնի (տնօրէն՝ դոկտ. փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան) եւ Փարիզի «Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեանս միասնական ջանքերը ուղղուած էին ոչ միայն սփիւռքահայ ուսուցիչներու, այլ մանաւանդ՝ հայաստանաբնակ ուսուցիչներու արեւմտահայերէնի վերապատրաստութեան: Այս դասընթացքները երկուքուկէս տարիէ ի վեր դադրած են պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով: Հայրենի ուսուցիչներու արեւմտահայերէն վերապատրաստութիւնը օգտակար նկատուած էր այն պատճառով որ՝ Սփիւռքի զանազան կողմերը գործող Միօրեայ վարժարաններու մէջ աշխատող հայերէնի որակեալ ուսուցիչներու բացակայութեան պայմաններուն մէջ, կարելի է գործուղել հայաստանաբնակ պատրաստուած ուսուցիչը:

Այսպէս կամ այնպէս, լիբանանեան կացութեան ստեղծած չարիքէն ծնաւ բարիք: «ԱՂԹԱՄԱՐ»-ի ծնունդը այդ բարիքն է, զոր կ՚ողջունենք ուրախութեամբ եւ ի խորոց սրտի կը մաղթենք յաջողութիւններ՝ պրն Տիւնեայեանի այս յանդուգն նախաձեռնութեան:

Դոկտ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան,

«ՄԱՇՏՈՑ» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութեան 

հիմնադիր եւ նախագահ ■

(*) Առայժմ լոյս տեսած է «Աղթամար»-ի երեք թիւ։