Search
Close this search box.

Ամանորեայ ուտելիքը ընդգծած է տօնական սեղաններու միասնական ազգային բնոյթը

 

Ամանորեայ ուտելիքը տարբեր գաւառներու մէջ գրեթէ նոյնը եղած է եւ ընդգծած տօնական սեղաններու միասնական ազգային բնոյթը: Այդ սննդատեսակներու մէջ առաջին դիրքը գրաւած է հայկական կլորհատիկ ցորենը, որ աճած է մի՛այն Հայաստանի մէջ: Եւ նոր տարուան սեղանին դրուած է նոյն այդ ցորենէն պատրաստուած հացը, որպէսզի հայոց հեթանոս աստուածները բարեբեր դարձնեն նոր տարին: Այդ է պատճառը որ մինչեւ այսօր ալ Օգոստոսին հայկական գիւղերուն մէջ տակաւին կը նշեն «բերքի տօնը»:

Հայոց Կիլիկիոյ ամանորեայ գլխաւոր տօնախմբութիւնները կատարուած են Ամանոսեան լեռներու ստորոտին (Մարաշ քաղաքի մօտ): Հարկ է նշել, որ ամանորեայ ամբողջ ծիսակարգը համընդհանուր եղած է բովանդակ պատմական Հայաստանի համար։