Յունիս 23-ին, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Արցախի Պետական նախարար Արտակ Բեգլարեանը եւ ԱՀ Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը` ուղեկցութեամբ Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի:
Հանդիպումին քննարկուած են ներկայ պայմաններուն մէջ Արցախահայութեան առջեւ ծառացած մարտահրաւէրները եւ 44-օրեայ պատերազմի հետեւանքներու յաղթահարման ուղղուած քայլերը: Այս առումով ընդգծուած է համազգային ներուժի եւ ջանքերու մէկտեղման կարեւորութիւնը՝ ի զօրակցութիւն Արցախի ժողովուրդին:
Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է նաեւ Արցախի պատմամշակութային եւ հոգեւոր ժառանգութեան պահպանութեան հարցերուն, Արցախ–Սփիւռք կապերուն: Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած է Արցախի իշխանութիւններուն՝ եկեղեցւոյ նկատմամբ դրսեւորած հոգատար վերաբերումին համար:
Հանդիպման աւարտին նախարար Բեգլարեան շնորհակալութիւն յայտնած է Նորին Սրբութեան՝ պատերազմի ընթացքին եւ յետպատերազմեան շրջանին Մայր Աթոռի եւ անոր աշխարհասփիւռ թեմերուն՝ Արցախին ցուցաբերած զօրակցութեան համար:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։