Հոկտեմբեր 7-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է ԱՄՆ-ու Արեւելեան եւ Ֆրանսայի Հայոց թեմերու ուխտաւորները` ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր վարդապետ Խաչատրեանի։
Հայր Սուրբը, հայցելով Նորին Սրբութեան օրհնութիւնը, ներկայացուցած է ուխտաւորները եւ ընդգծած, որ անոնք հայրենիք ժամանած են նաեւ այս ծանր օրերուն զօրակցելու հայ ժողովուրդին։
Իր սէրն ու օրհնութիւնը հաղորդելով հայորդիներուն՝ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծած է աշխարհասփիւռ Հայոց թեմերէն ուխտաւորներու այցելութիւնները, յատկապէս Հայաստանի համար այս դժուար ժամանակաշրջանին, որ կարելիութիւն կ՚ընձեռէ անոնց՝ հաղորդ դառնալու Հայրենիքի առկայ մարտահրաւէրներուն եւ բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան խնդիրներուն։
Նորին Սրբութիւնը ուխտաւորներուն յորդորած է իրենց բնակած երկիրներուն մէջ մնայուն կերպով արծարծել Արցախի հայկական հոգեւոր, մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան հարցը, եւ հետևողական ջանքեր գործադրել այդ ուղղութեամբ։
Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած է ուխտաւոր հայորդիներուն՝ Հայրենիքի եւ Հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ անոնց դրսեւորած նուիրումին եւ անսակարկ սիրոյ համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։