Դեկտեմբեր 4-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Եւրոպական խորհրդարանի ֆրանսացի երեսփոխան Ժոֆրուա Տիտիէն՝ ուղեկցութեամբ Ֆրանսայի դեսպան Օլիվիէ Տըքոթինյիի։
Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքը յայտնած է թէ՛ երեսփոխանին եւ թէ՛ Եւրոպական խորհրդարանին, ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան արդար իրաւունքներուն՝ անոնց կատարած յայտարարութիւններուն եւ որդեգրած բանաձեւերուն համար։ Ան անդրադարձած է Ազերպայճանի ցեղասպանական գործողութիւններուն, որոնց հետեւանքով հայաթափուեցաւ Արցախը, ինչպէս նաեւ Պաքուի կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներու բռնագրաւման եւ որդեգրած յարձակողական քաղաքականութեան։
Վեհափառ Հայրապետը արծարծած է նաեւ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ ռազմագերիներու վերադարձի եւ Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան խնդիրները, այդ ուղղութեամբ ընդգծելով միջազգային ատեաններու գործուն քայլերու կարեւորութիւնը։
Երեսփոխան Ժոֆրուա Տիտիէ տեղեկացուցած է, որ Հայաստան իր այցի ընթացքին մօտէն ծանօթացած է հայրենազրկուած Արցախահայութեան ծանր կացութեան։ Ան հաւաստած է, որ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ ջանքեր գործադրել ի նպաստ Արցախահայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրներու յաղթահարման։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը անդրադարձած են նաեւ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան «Կովերու պարտէզ» կալուածի վարձակալութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Գարեգին Բ. իր գնահատանքը յայտնած է Ֆրանսայի դեսպանին՝ այս կապակցութեամբ յղած կոչին համար։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։