Search
Close this search box.

Ամենայն հայոց կաթողիկոսը ընդունած է Լուիս Մորենօ Օքամփօն

Սեպտեմբեր 14-ին, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Պատժական միջազգային ատեանի (ՊՄԱ) նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն ու «Ճշմարտութեան եւ արդարութեան կեդրոն» կազմակերպութեան անդամները՝ ուղեկցութեամբ Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իռլանտայի հայոց թեմի առաջնորդ Յովակիմ եպիսկոպոս Մանուկեանի։

Ողջունելով ՊՄԱ-ի նախկին դատախազի այցը հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Գարեգին Բ. տեղեկութիւններ հաղորդած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի՝ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ ունեցած կարեւոր դերակատարութեան, հոգեւոր, մշակութային արժէքներու, ազգային ինքնութեան կերտման եւ ազգապահպան առաքելութեան մասին։

Վեհափառ հայրապետը իր գնահատանքը յայտնած է Օքամփոյին՝ միջազգային տարբեր ատեաններու մէջ հայ ժողովուրդի եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներու պաշտպանութեան, Ազերպայճանի ցեղասպան քաղաքականութեան դատապարտաման եւ գերիներու վերադարձի հարցին մէջ ներդրած ջանքերուն համար։

 

Խօսելով Հայաստանի առջեւ ծառացած անվտանգութեան խնդիրներուն մասին՝ Կաթողիկոսը իր մտահոգութիւնը յայտնած է՝ ընդգծելով, թէ Եկեղեցին, ինչպէս միշտ, ըստ կարելւոյն կը նպաստէ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման, արցախահայութեան հոգեւոր եւ մարդասիրական կարիքներու բաւարարման եւ անոնց ապահով ապագայի կերտման ուղղուած աշխատանքներուն։ Նշեալ խնդիրներու ամբողջական լուծման ուղղութեամբ, Վեհափառ հայրապետը ընդգծած է ի խնդիր արդարութեան հաստաման եւ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան՝ թէ՛ միջազգային հանրութեան գործուն աջակցութեան եւ թէ՛ Օքամփոյի ծաւալած գործունէութեան կարեւորութիւնը։

Իր կարգին, Օքամփօ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին ներկայացուցած է իր մտածումներն ու նախաձեռնած գործողութիւնները՝ Ազերպայճանի բռնագրաւած Հայաստանի տարածքներու ազատագրման, Արցախի մէջ իրագործուած ցեղային զտումներու մասին եւ Ազերպայճանի մէջ բանտարկուած հայ գերիներու ազատ արձակման ուղղութեամբ՝ ընդգծելով միջազգային իրաւունքի սկզբունքներու գործնական կիրարկման անհրաժեշտութիւնը: Այս կապակցութեամբ նախկին դատախազը շեշտած է աշխարհասփիւռ հայութեան համախմբման կենսական բնոյթը՝ այդ սկզբունքները կեանքի կոչելու նպատակին շուրջ: Վերջինս անդրադարձած է նաեւ Հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դերակատարութեան՝ տեղահանուած արցախահայերու հոգեւոր առաջնորդութեան, անոնց ոտնահարուած իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիները վերադարձնելու ուղութեամբ։