Յուլիս 31-ին, Գարեգին Բ. կաթողիկոս Մայր Աթոռ Սուրբ էջմիածնի մէջ ընդունած է ՀՄԸՄ-ի կեդրոնական վարչութեան անդամները` գլխաւորութեամբ վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի:
Վերջինս տեղեկութիւններ հաղորդած է Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերու ընթացքին մասին, ընդգծելով որ՝ Սփիւռքի շուրջ 645 հայ երիտասարդ մարզիկներ ժամանած էին հայրենիք մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը բերելու համար:
Ողջունելով հիւրերուն այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին` Նորին Սրբութիւնը գնահատած է նման նախաձեռնութիւն, եւ գոհունակութիւն յայտնած՝ այս տարի առաջին անգամ իրականացուած «Հրաշք» մարզախաղերու առնչութեամբ, որոնց մասնակցեցան մտային եւ ֆիզիքական խնդիրներ ունեցող շուրջ 200 երախայ ու պատանի:
Հայոց հովուապետը կարեւոր նկատած է համահայկական մարզախաղերու կազմակերպումը, որով լաւագոյն հնարաւորութիւն կ՚ընձեռնուի հայորդիներուն՝ զիրար ճանչնալու, խանդավառուելու, լաւատեսութեան եւ հայրենասիրութեան ոգիով լեցուելու:
Գարեգին Բ. ընդգծած է նաեւ Սփիւռքի հանրային կեանքի աշխուժացման ու զօրացման միտող իւրաքանչիւր նախաձեռնութեան կարեւորութիւնը:
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։