Search
Close this search box.

Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. ընդունած է Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան ուխտաւորները 

 

Յունիս  19-ին, Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունած է Հայաստան ժամանած Կ․ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան Պէյօղլու շրջանի հայ համայնքի վարչական եւ թաղային խորհուրդի անդամները՝ ուղեկցութեամբ նշեալ շրջանի հայկական եկեղեցիներու հոգեւոր տեսուչ Յարութիւն վարդապետ Տամատեանի եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Աքսել Թօփալեանի։ 

Յարութիւն վրդ. Գարեգին Բ.ին ներկայացնելով ուխտաւորները, տեղեկութիւններ հաղորդած է Պոլսոյ Պէյօղլու շրջանի հայ համայնքի գործունէութեան մասին։

Հայոց Հայրապետը գոհունակութեամբ անդրադարձած է պոլսահայ համայնքի ամուր հաւատքին, ծառայութեան, նուիրումին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ ունեցած անվերապահ սիրոյն։ Այս առիթով Կաթողիկոսը յորդորած է պոլսահայ ուխտաւորները՝ նոյն նախանձախնդրութեամբ հզօրացնել իրենց հաւատքն առ Աստուած, սէրը առ մայր Եկեղեցին, պահպանելով ազգային ինքնութեան գիտակցութիւնը։