Search
Close this search box.

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին Արցախ կատարած փաստահաւաք առաքելութիւնը

 

Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի (ANCA) կառավարական հարցերու տնօրէնուհի Թերեզա Երիմեան մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Արցախի մէջ իր գլխաւորութեամբ վերջին փաստահաւաք առաքելութենէն։

“Արցախեան պատերազմին աւերուած բազմաթիւ դպրոցներ եւ հիւանդանոցներ մնացած են փլատակներու տակ, անհամար տուներ կը մնան անբնակելի, բնիկ հողերու առնուազն 70%-ը կորսնցնելէ բացի Արցախահայութիւնը այժմ կ՚ապրի ականներով եւ յատկապէս չպայթած արկերով լի տարածաշրջանի մը մէջ, որ վտանգաւոր է երախաներու և ընտանիքներու կեանքին համար”,– նշած է Երիմեան: 

Ան անգամ մը եւս յիշեցուցած եւ ընդգծած է այն կոչերը, ըստ որոնց՝ ԱՄՆ-ու կողմէ Ազերպայճանին տրամադրուող ռազմական ամբողջական օգնութիւնը պէտք է դադրեցուի, իսկ Արցախին պէտք է յատկացնել շտապ անհրաժեշտ 50 միլիոն տոլար օժանդակութիւնը։

Թերեզա Երիմեան դիտել տուած է, որ Ազերպայճան կը շարունակէ ապօրինաբար պահել եւ բռնութեան ենթարկել հայ ռազմագերիները՝  հակառակ  հրադադարի պայմանագրին եւ միջազգային իրաւունքով Պաքուի ստանձնած պարտաւորութիւններուն։

“Հայ դատի յանձնախումբի Արցախ կատարած մեր վերջին այցի ժամանակ զրուցեցինք 80-ամեայ կնոջ մը հետ, որ գերեվարուած էր իր գիւղի տան մէջ եւ ականատես եղած ամուսնոյն ենթարկուած ծեծին եւ ինք ալ խոշտանգուած էր”,– ըսած է ան:

Յանձնախումբին անդամները Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեանի հետ քննարկած են երկրին աշխարհաքաղաքական մարտահրաւէրները, Արցախի Հանրապետութեան ընկերային զարգացման եւ համարկումի նախարար Արմինէ Պետրոսեանէն նոր մանրամասնութիւններ իմացած են 2020-ի պատերազմին իրենց պապենական տուներէն հեռացուած 100.000 հայ գաղթականներու վիճակին մասին։

Արցախի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան ալ ներկայացուցած է տեղւոյն բնակչութեան առջեւ ծառացած ջուրի ու կազի մարտահրաւէրները։

Փաստահաւաք խումբը հանդիպում ունեցած է նաև The HALO Trust-ի ներկայացուցիչներու հետ, որոնց ականազերծման ջանքերը աւելի քան երկու տասնամեակէ ի վեր անթիւ կեանքեր փրկած են Արցախի մէջ: