«Ամերիկացի բարի սամարացիները» ֆիլմը՝ միջազգային փառատօնի մրցանակակիր

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի ու մարզանքի նախարարութեան աջակցութեամբ եւ Հայաստանի ազգային շարժարուեստի հիմնարկին  գանձատրումով պատրաստուած «Ամերիկացի բարի սամարացիները» ֆիլմը մրցանակ շահած է ամերիկեան «Առանց սահմանի վաւերագրական ժապաւէններ» («Docs Without Borders International Film Festival») միջազգային առցանց փառատօնին։

Ֆիլմը արժանացած է նաեւ «Բացառիկ արժանիք»-ի մրցանակին (“Award Of Exceptional Merit”):

ժապաւէնի բեմադիրն է Արա Մնացականեան, արտադրողը՝ «Man Pictures Production» ընկերութիւնը:

Ժապաւէնը ձօնուած է ազգերու փրկութեան նուիրեալներու յիշատակին՝ մարդիկ, որոնք ի սպառ ոչնչացումէ փրկած են քրիստոնեայ ժողովուրդներու զաւակները: