Ամերիկացի ծանօթ լրագրողուհի Լինցի Սնել, որ կը լուսաբանէ Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հակամարտութիւնները, X ընկերային ցանցի իր հաշիւին տեղադրած է հետեւեալ պատգամը.
«Ազերպայճանական պետական լրասփիւռները “լուրեր” կը տարածեն, որ Ֆրանսա եւ Հայաստան Ջերմուկէն կը պատրաստուին մօտալուտ յարձակման Ազերպայճանի վրայ՝ վկայակոչելով Ֆրանսայի զէնքի վաճառքը եւ Եւրոպական Միութեան առաքելութեան ներկայութիւնը։ Մենք ասոր ականատես եղանք անցեալին եւս. այնուհետեւ, Ազերպայճան պիտի պնդէ, որ Հայերը խախտեցին հրադադարը՝ այդպէսով հիմք դնելով իր նոր յարձակման, [Հայաստան] ներխուժման»։ ■
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։