ԱՄՆ-ու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ, Արցախի ճգնաժամի գնահատման վերաբերեալ ունկնդրութիւններու ընթացքին, Արտաքին գործոց նախարարութեան Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերու տեղակալի պաշտօնակատար Եուրի Քիմ ներկայացուցած է այն կարեւոր ուղերձները, զորս Միացեալ Նահանգներ յղած է Ազերպայճանի իշխանութիւններուն՝ տարաբնոյթ հանդիպումներու եւ հեռաձայնային զրոյցներու միջոցով:
“Առաջին՝ Լաչինի միջանցքը պէտք է բացուի հիմա՛, սա՛ պահուս, այլեւս պէտք չէ յետաձգուի: Երկրորդ՝ ԱՄՆ պիտի չհանդուրժէ, որ որեւէ ռազմական գործողութիւն կամ այլ վայրագութիւն կատարուի Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն նկատմամբ։ Ազերպայճան պէտք է միջազգայնօրէն հաստատուած երաշխիքներ ներկայացնէ, որ կը յարգէ անոնց իրաւունքները, եւ որ անոնք կրնան իրենց տուներուն մէջ ապրիլ առանց վախի”,– ընդգծած է ան, աւելցնելով, որ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի միջեւ պատերազմը տակաւին աւարտած չէ, հետեւաբար խաղաղութեան հաստատման ուղղուած ԱՄՆ-ու ջանքերը առաւել կարեւոր նշանակութիւն ունին:
20 ժամ տեւած լռութենէ ետք, Պաքու ի վերջոյ հակադարձած է Արցախի շրջափակման հարցով Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի Արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ տեղի ունեցած ունկնդրութիւններուն։
Բերձորի միջանցքը անյապաղ բանալու պահանջները, Ալիեւի վարչակազմի հասցէին ԱՄՆ-ու գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններու ներկայացուցիչներուն խիստ քննադատութիւնը, Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատումով՝ «կեղծիքներու վրայ հիմնուած յայտարարութիւններ են, ունկնդրութիւններուն նախաձեռնած դեմոկրատ ծերակուտական Պոպ Մենենտես ալ՝ Ազերպայճանի նկատմամբ թշնաբար տրամադրուած, եղծանման գայթակղութիւններու մէջ թաթխուած քաղաքական գործիչ է, որ հեռու է քաղաքական բարոյագիտութեան կանոններէն»։
“Եուրի Քիմի յայտարարութիւնները որեւէ աղերս չունին իրականութեան հետ եւ կը պարունակեն աշխարհով մէկ Ազերպայճանի դէմ զրպարտիչ արշաւի տարրեր”,– Սեպտեմբեր 15-ին յայտարարած է Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ։
© 2023 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։