Search
Close this search box.

Ամիրբեկով. «Սա պահուս Հայաստանի Սահմանադրութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի միակ ու հիմնական խոչընդոտն է»

Պաքու կը շարունակէ պնդել, թէ առանց Հայաստանի Սահմանադրութեան փոփոխութեան, յստակօրէն՝ առանց Մայր օրէնքէն Անկախութեան հռչակագրի յիշատակումը վերցնելու, Երեւանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը պիտի չստորագրէ։ “Այդ փաստաթուղթին մէջ տարածքային պահանջներ կան Ազերպայճանի նկատմամբ”,– ըսած է Ազերպայճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրբեկով «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի տարածաշրջանային թղթակից Ճոշուա Քուչերային տուած հարցազրոյցին։

Աւելին՝ ազերպայճանցի պաշտօնատարը շեշտած է, թէ սա պահուս Հայաստանի Սահմանադրութիւնը խաղաղութեան պայմանագրի միակ ու հիմնական խոչընդոտն է. “Մենք կ՚ուզենք վստահ ըլլալ, որ Հայաստանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրը՝ ապագային անկարելի կը դարձնէ որեւէ վերադարձ վրէժխնդրութեան կամ Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային որեւէ պահանջ, որու ականատեսը եղանք։ Մեզի համար անընդունելի է, որ Հայաստան խաղաղութեան բանակցութիւններուն եւ պայմանագրի վերջնական ստորագրութեան հետ վերաբերի իբրեւ ժամանակ շահելու մարտավարութիւն՝ իր ռազմական կարողութիւնները ամրապնդելու եւ այս պատմութիւնը վերստին սկսելու համար”:

(…)

“Կայ այն կարծիքը, թէ կարեւոր է կարելիին չափ շուտ աւարտին հասցնել խաղաղ բանակցութիւնները եւ թերեւս ալ պայմանագրին նախագիծը ստորագրել Նոյեմբերին՝ COP29-ի շրջանակին մէջ։ Բայց մենք կը կարծենք, որ այդ անիմաստ պիտի ըլլայ առանց անդրադառնալու Ազերպայճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներուն, որոնք ամրագրուած են Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ։ Աւելի՛ն, իմ կարծիքով այդ կրնայ հակառակ արդիւնքը տալ, քանի որ համաձայնագրի նախագծի հապճեպ ստորագրութեան պարագային, եթէ իրաւական խութեր մնան, անոնք կրնան ապագային Հայաստանին թոյլ տալ վերակենդանացնել իր տարածքային պահանջները, երբ տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուի իրենց օգտին”,– ըսած է Ամիրբեկով:

Նշենք, թէ Երեւան քանի մը ամիս է, որ կը պնդէ թէ Սահմանադրութեան փոփոխութիւնը Հայաստանի ներքին գործն է։ Միաժամանակ, վարչապետ Փաշինեան տարեսկիզբին յայտարարեց, թէ երկիրը բոլորովին նոր Սահմանադրութեան պէտք ունի, երկու ամիս առաջ ալ յանձնարարեց նոր Սահմանադրութեան նախագիծը մշակել ու հաստատել մինչեւ 2026-ի տարեվերջ։ Ըստ Ամիրբեկովի, Փաշինեան այս հարցը նաեւ իրենց հետ քննարկած է:

“Հիմա ան (Փաշինեան) կ՚ուզէ յառաջ մղել այն փաստարկը, թէ սա քաղաքականապէս շատ ծանրաշարժ գործընթաց է, թէ Սահմանադրութեան նախագիծը կրնայ պատրաստ ըլլալ միայն 2027-ին։ Շատ լաւ, այդ ալ տարբերակ մըն է, բայց արդեօք արտաքին աշխարհը պատրա՞ստ է այդքան երկար սպասելու, մինչեւ որ Հայաստանի ու Ազերպայճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր ստորագրուի։ Որովհետեւ ակնյայտ է՝ մենք կարիք չունինք աճապարելու եւ ստորագրելու թուղթի կտոր մը, որ կրնայ անվաւեր յայտարարուիլ նոր կառավարութեան մը կողմէ”,– ընդգծած է ազերպայճանցի բարձրաստիճան պաշտօնատարը եւ աւելցուցած.

“Եթէ Հայաստան կ՚ուզէ նոր Սահմանադրութիւն մշակել, այդ իր ներքին գործն է եւ իրաւունքը, մենք կը խօսինք նախաբանը փոխելու մասին եւ ատոր համար տարիներու քննարկումներու պէտք չունին։ Աւելի՛ն, Պաքու նաեւ այդ հարցը հանրաքուէի դնելու ձեւակերպումը ունի. – «Կ՚ուզէ՞ք խաղաղութեան հասնիլ Ազերպայճանի հետ, թէ՞ նոր հակամարտութեան հնարաւորութիւն ձգել»։ Կ՚ենթադրեմ եթէ անոնք հարցը այդպէս ներկայացնեն, հայ ժողովուրդի մեծամասնութիւնը խաղաղութեան կ՚աջակցի, քանի որ 2021-ին, երբ Փաշինեան Ղարաբաղեան պատերազմին կրած ծանր պարտութենէն ետք արտակարգ ընտրութիւններ կազմակերպեց, անոր կուսակցութիւնը յաղթեց։ Սովորաբար ոեւէ առաջնորդ պատերազմին նման ջախջախիչ պարտութիւն կրելէ ետք՝ կը պարտուէր նաեւ ընտրութիւններուն, բայց ան յաղթեց”:

Խնդրայարոյց միւս հարցը, ըստ Ամիրբեկովի՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբն է, որ պէտք է լուծուի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի՝ միջազգային ատեաններու ներկայացուցած դիմումները, ուր եւս Ազերպայճան տարածքային նկրտումներ կը տեսնէ։ Այս հարցերուն, ըստ Ալիեւի ներկայացուցչին՝ Հայաստան համաձայնած է լուծումներ գտնել խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումէն յետոյ միայն։ Կողմերը, ըստ անոր, փոխադարձաբար ընդունելի տարբերակ գտած են նաեւ Ազերպայճանը Նախիջեւանին միացնող ճանապարհի հարցին շուրջ, որ Պաքու «Զանգեզուրի միջանցք» կը կոչէ վերջին տարիներուն։

“Մենք հասկցանք, որ չենք կրնար տեսանելի ապագային աւարտին հասցնել խաղաղութեան համաձայնագիրը, եթէ Սահմանադրութեան խնդրէն բացի եւս մէկ տարակարծութիւն ձգենք՝ հաղորդակցութեան ուղիներու բացումը։ Հետեւաբար, երկկողմ համաձայնութեամբ որոշեցինք այդ պարբերութիւնը հանել խաղաղութեան պայմանագրէն ու անոր վերադառնալ հետագայ փուլին”,– յայտնած է Ամիրբեկով, աւելցնելով. “Երբ խաղաղութեան պայմանագիրը ստորագրուի, երկու պատուիրակութիւնները կամ երկու երկիրները կրնան վերսկսիլ քննարկումները՝ գտնելու իրենց համար ընդունելի բանաձեւը՝ Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ հաղորդակցութիւնը վերաբանալու համար”:

Միաժամանակ, ան շեշտած է, թէ Ազերպայճանի հետ խաղաղութիւնը Հայաստանի համար անմիջապէս կարելիութիւններ կը ստեղծէ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար։ Յիշեցնելով սահմանին կայացած՝ Հայաստանի ու Թուրքիոյ յատուկ բանագնացներու վերջին հանդիպումը՝ Ամիրբեկով ընդգծած է հետեւեալը.

“Անգարա անգամ մը եւս ցոյց տուաւ, թէ Երեւան ի զուր ժամանակ կը վատնէ, եթէ կը կարծէ որ կրնայ շրջանցելով Պաքուն իր յարաբերութիւնները կարգաւորել Թուրքիոյ հետ”։