Search
Close this search box.

ԱՄՆ Ազերպայճանին կոչ կ՚ընէ ապահովելու Արցախէն բռնի տեղահանուածներու անվտանգ վերադարձը

Յուլիս 10-ին, Երեւանի մէջ ունեցած մամլոյ ասուլիսին, ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր նշած է, թէ իր նախորդ այցի ընթացքին՝ 2023 Սեպտեմբերին, Արցախի հայերը կը փախէին դէպի Հայաստանի Հանրապետութիւն։

“Ես ցարդ մէջս կը պահեմ, կը յիշեմ պատմութիւնները, որոնք այնտեղէն եկող ժողովուրդը կը պատմէր ինծի։ Անոնք կը պատմէին այն արհաւիրքին մասին, որու ընդմիջէն կ՚անցնէին, կը պատմէին այն վախերուն մասին, զորս ունեցած էին մինչեւ Հայաստան գալը”,– յիշեցուցած է Փաուըր՝ աւելցնելով, որ կը յիշէ նաեւ թէ ինչպէս Լեռնային Ղարաբաղի հայերը կը գտնուէին շրջափակման մէջ եւ չէին կրնար սնունդ, դեղորայք եւ այլ անհրաժեշտ պարագաներ ստանալ մինչեւ Ազերպայճանի կողմէ ԼՂ-ի վերջնական գրաւումը։

Ան ըսած է, թէ հանդիպում ունեցած է այն մարդոց հետ, որոնք, հեռանալով իրենց տուներէն, կորսնցուցած էին նաեւ կապը իրենց ընտանիքի միւս անդամներուն հետ։

“Գոնէ սա պահուս թեթեւցած եմ, որ այդ ընտանիքներու անդամները կրցած են վերամիաւորուիլ եւ գտնել զիրար, սակայն այդպէս չէ եղած բոլորի պարագային”։ 

Անդրադառնալով Արցախի հայ բնակչութեան՝ իրենց հայրենիքը վերադարձի իրաւունքի մասին հարցումին, ամերիկացի դիւանագէտը յայտնած է, թէ ինչպէս անցեալին՝ Պրիւսէլի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ ունեցած զրոյցին, այնպէս ալ այս այցի ընթացքին ընդգծուած է աւելի քան 100 հազար հոգիի բարօրութիւնն ու անոնց իրաւունքները ապահովելու անհրաժեշտութիւնը։

“Ինչպէս գիտէք, Հայաստանի կառավարութիւնը զգալի ջանքեր կը գործադրէ՝ ապահովելու հնարաւորութիւններ այդ անձերուն համար, որպէսզի անոնք աշխատանք գտնեն․ Յունիս ամսուան տուեալներով՝ աշխատողներու ցուցանիշը աւելցած է, բայց կասկած չկայ, որ այս ուղղութեամբ տարուելիք մեծ աշխատանք կայ, քանի որ այդ մարդիկ այնտեղ շատ բան ձգած են ու մեծ ցաւ կ՚ապրին”,– իր խօսքին մէջ նշած է Փաուըր։

Ան տեղեկացուցած է, որ ԱՄՆ-ու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը աջակցութիւն կը ցուցաբերէ այս ընտանիքներուն, կը ցուցաբերէ նաեւ հոգեբանական աջակցութիւն, օգնած է այն դպրոցներուն, մանկապարտէզներուն, որոնք Արցախէն տեղահանուած երեխաներ ունին։

“ԱՄՆ՝ միջազգային համայնքի բազմաթիւ անդամներուն պէս կոչ կ՚ընէ Ազերպայճանին, որ այս անձանց եւ այս ընտանիքներու իրաւունքները ապահովուին, որպէսզի անոնք կարենան յօժարակամ եւ ապահով վերադառնալ իրենց տուները։ Շատ մը ընտանիքներու փափաքն է պարզապէս երթալ, այցելել իրենց եկեղեցիները, վանքերը, ազգականին, ընտանիքի անդամին գերեզմանը եւ այլն, բայց ցարդ այդ վերադարձը կարելի չէ եղած”,– ընդգծած է Սամանթա Փաուըր՝ շեշտելով, որ ԱՄՆ այդ ուղղութեամբ պիտի շարունակէ  կոչ ուղղել եւ աշխատիլ, սակայն պէտք է Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին համար պատշաճ պայմաններ ստեղծուին, որպէսզի ան կարենայ վերադառնալ հայրենիք։

Անդրադառնալով Արցախի մէջ Ազերպայճանի կողմէ իրականացուած քայլերու իրաւական գնահատականին՝ Փաուըր ըսած է, թէ այդ հարցը կ՚ուսումնասիրուի ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ։

“Մենք տեղեակ ենք վերջին հաշուետւութիւններու մասին, որոնք հրապարակուած են եւ այնտեղ փաստուած բազմաթիւ ապացոյցներ կան, կան նաեւ հարցազրոյցներ մեծաթիւ ընտանիքներու հետ, որոնք վերջին տարիներուն անցած են այդ բոլոր արհաւիրքներու ընդմէջէն, ներառեալ՝ նաեւ անցեալ Սեպտեմբերին”,– նշած է դիւանագէտը, միաժամանակ ափսոսանք յայտնելով, որ չի կրնար Արտաքին գործոց նախարարութեան գնահատականէն առաջ բան մը ըսել։