Search
Close this search box.

ԱՄՆ եւ Ֆրանսա կ՚աջակցին Հարաւային Կովկասի արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին

 

«Միացեալ Նահանգներ եւ Ֆրանսա կ՚աջակցին Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հաստատման հոլովոյթին, հիմնուած միջազգային իրաւունքի եւ ինքնիշխանութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու վրայ՝ ի շահ տարածաշրջանի բոլոր ժողովուրդներու»,– նշուած է ԱՄՆ-ու եւ Ֆրանսայի նախագահներ Ճօ Պայտընի եւ Էմանիւէլ Մաքրոնի՝ Փարիզ կայացած բանակցութիւններու աւարտին հրապարակուած միացեալ յայտարարութեան մէջ։

Սպիտակ Տան կայքին վրայ տեղ գտած յայտարարութեան մէջ անդրադարձ կայ նաեւ միջազգային օրակարգի տարբեր նիւթերու՝ Ուքրաինա, Օթան, Մոլտաւիա, Պալքանեան երկիրներ, Մերձաւոր Արեւելք, համընդհանուր անվտանգութիւն, կլիմայի փոփոխութիւններ եւ այլն: