ԱՄՆ-էն 15 ուսուցչի վերապատրաստութիւնը Հայաստանի մէջ

Անոնք իրենց երկրին մէջ կը դասաւանդեն Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը

Ամերիկեան «Genocide Education Project» (GenEd) կազմակերպութիւնը, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին հետ համագործակցելով, 2022 Յուլիս 9-էն 17 կազմակերպած է ԱՄՆ-էն ուսուցիչներու վերապատրաստման ծրագիր մը:

«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին The Genocide Education Project-ի գործադիր տնօրէնուհի, ամերիկահայ Ռոքսան Մաքասճեան յայտնած է, որ կազմակերպութիւնը ստեղծուած է շուրջ 20 տարի առաջ, իր երկու գործակիցներուն կողմէ: Այս անկախ նախաձեռնութեան նպատակն է ԱՄՆ-ու տեղացի ուսուցիչներուն ներկայացնել ու սորվեցնել Հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը, որպէսզի անոնք սկսին դասաւանդել եւ ճիշդ ու կարեւոր տեղեկութիւն հաղորդել իրենց աշակերտներուն՝ Հայոց ցեղասպանութեան մասին:

“Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարան-հիմնարկին մէջ կայացող դասընթացքներուն՝  մասնակիցներուն ներկայացուեցան Հայոց ցեղասպանութեան պատմական, իրաւական, ընկերային-հոգեբանական դիտանկիւնները՝ միաժամանակ ցոյց տալով այդ ոճիրին, անոր անպատժելիութեան ունեցած յարատեւ ազդեցութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան ներկայի քաղաքական, տնտեսական իրադրութեան վրայ”,– ըսած է Մաքասճեան:

Ան շեշտած է, որ առանձին դասաժամ յատկացուած է Արցախեան հարցին, ինչպէս նաեւ ծրագիրը կը ներառէ յատուկ մշակութային բաժին, որ կը նպաստէ ուսուցիչներու շրջանակին մէջ հայութեան, Հայոց պատմութեան եւ Հայաստանի վերաբերեալ ընդհանուր ճանաչողութեան բարձրացման:

“Այս տարի ծրագրին մասնակցեցան 15 ուսուցիչներ ԱՄՆ-ու 15 տարբեր նահանգներէն: Անոնց մեծ մասը ունի բնագաւառին մէջ դասաւանդելու աւելի քան 20-ամեայ փորձառութիւն, ոմանք խմբագրած կամ մասնակցած են Ցեղասպանութեան մասին ժողովածուներու հրատարակութեան, տարբեր թանգարաններու կրթական ծրագրերու մշակման”,– ընդգծած է տնօրէնուհին, աւելցնելով, թէ մասնակիցները, իրենց կարգին, GenEd-ի աջակցութեամբ կը կազմակերպեն վերապատրաստման նման ծրագրեր եւ դասընթացքներ իրենց նահանգներուն մէջ:

Խմբագրական